ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– 20 Փետրուարին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած են «Սլաւմեդ» բժշկական կեդրոնի եւ «Երեւան մոլ»ի բացման հանդիսութիւնները, որոնց ներկայ եղած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը
«Սլաւմեդ»ի բացման արարողութեան ընթացքին առողջապահութեան նախարար Դերենիկ Դումանեան լրագրողներուն յայտնած է, որ հիւանդանոցը բազմադիմագիծ է, ուր պիտի մատուցուին նաեւ վիրաբուժական ծառայութիւններ: Հիւանդանոցը նաեւ ունի ծննդատուն:
«Մասնաւոր ներդրման արդիւնքում է ստեղծուել հիւանդանոցը եւ այստեղ ներդրուել է շուրջ 5 միլիառ դրամ: Այստեղ աշխատելու են արտասահմանում վերապատրաստուած մասնագէտներ: Հիւանդանոցը յագեցած է ամենավերջին տեխնոլոգիական արտադրութեան սարքաւորումներով», յայտնած է Դերենիկ Դումանեան:
Նախարարը վստահեցուցած է, որ անձնական այս հիւանդանոցին մէջ եւս պետական պատուէրներու տեղ պիտի տրուի, որպէսզի ընկերային իմաստով անապահով խաւը եւս կարելիութիւն ունենայ օգտուելու հիւանդանոցային նման պայմաններէն:
«Սլաւմեդ» բժշկական կեդրոնի հիմնադիր տնօրէն Արմինէ Յովակիմեան ընդգծած է, որ ստեղծուած է եւրոպական չափանիշներուն համապատասխան հիւանդանոց, որ միւսներէն կը տարբերի իր նոր ձեւաչափով, վերջին սարքաւորումներով, ինչպէս նաեւ վերապատրաստուած բժիշկներով:
«Հիւանդանոցում աշխատելու են 180 բուժաշխատողներ: Հաստատութիւնն ունի 60 մահճակալ կայ, իսկ հիւանդասենեակի 1 օրուայ արժէքը 10-15 հազար դրամ է, որը ներառում է 3անգամեայ սնունդ: Իսկ, ընդհանուր առմամբ, բժշկական ծառայութիւնների գինը հանրապետութեան մակարդակով կարելի է ասել, որպէս միջին», ըսած է Արմինէ Յովակիմեան:
Բժշկական կեդրոնի տնօրէնը հաստատած է, որ պարբերաբար կեդրոն պիտի հրաւիրուին արտերկրի մէջ ճանչցուած եւ փորձառու մասնագէտներ՝ հայ բժիշկներու շարունակական վերապատրաստումը ապահովելու համար:
Յատկանշական էր նաեւ «Երեւան Մոլ»ի բացումը. երկյարկանի առեւտուրի եւ զբաղումներու կեդրոն է՝ 59.900 քմ. ընդհանուր տարածքի վրայ: «Եւրոպական ստանդարտներով կառուցուած կենտրոն է, որի յարկի տակ 120 վարձակալ իրենց գործունէութիւնն են սկսել», յայտնած է գլխաւոր տնօրէն Վազրիկ Սեկոյեան՝ աւելցնելով, որ կարգ մը անուանի վաճառանիշեր հանրախանութին շնորհիւ Հայաստան եկած են:
Խօսելով սեփականատէրերուն մասին՝ Սեկոյեան ըսած է. «Չորս ընկերութիւններ են բաժնետէրերը, որոնցից մէկը տեղական է, միւսներն արտասահմանեան են: Տեղական ընկերութիւնը հայ գործարարով է ներկայացուած, գործարարը Նորայր Խաչատրեան է»։
Տնօրէնին համաձայն՝ կեդրոնի ընդհանուր ներդրումները կը կազմեն շուրջ 50 միլիոն տոլար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.