ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
Տօնական օրերու խճողուած ծրագիրին յաջորդեց Յունուարի աշխատանքային ամիսը. Հայ Քոյրերու վարժարանի աշակերտները դարձեալ եռանդով փարեցան իրենց առօրեայ յայտագիրին՝ իրականացնելու կրթական ծրագիրները: Սակայն դասերու կողքին, երբեմն ակնկալելի են դաստիարակչական եւ միաժամանակ հաճելի աշակերտական հաւաքներ, որոնք կը ծառայեն աշակերտներու միտքն ու հոգին լիցքաւորելու եւ զարգացնելու:
Նման հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Յունուար 28ին, վարժարանի «Դանիէլեան» սրահը, որ երաժշտական բնոյթով հաւաք մըն էր: Այդ օրը, «հայրենիք»ը այցի եկած էր վարժարանի աշակերտներուն: Տնօրէնուհի քոյր Լուսիան բարի գալուստ մաղթեց եւ ներկայացուց հիւրերը: Հայրենի արուեստագիտուհի Եւա Եկանեանի ընկերակցութեամբ, վարժարանս այցելած էին գաղութիս ակնյայտ դէմքերէն՝ «Սէր եւ Կրակ» գիրքի հեղինակ, խոստմնալից բանաստեղծ Կայլակ, եւ իր ազնիւ կինը, մէկ ժամ անցընելու համար մեզի հետ:
Ապա տնօրէնուհին հրաւիրեց ուսուցչուհի Լինտա Գանտիլեանը, որպէսզի շարունակէ յայտագիրը: Ան, նախ աշակերտներուն ուղղելով խօսքը՝ բացատրեց, թէ որքա՛ն բախտաւոր պէտք է զգան, որովհետեւ «մեզի հետ ունինք հայրենի աստղերէն մէկը, որ պիտի երգէ եւ մեզի պիտի փոխադրէ հայրենիք»: Ան շարունակեց. «Հայ դպրոցը միայն քարաշէն կառոյց չէ, այլ հոն կայ հայկական մթնոլորտ, որուն մէջ մենք ամէն օր կը շնչենք եւ կ՛ապրինք: Հայ մշակոյթը միայն մեր գիրքերու էջերով չէ սահմանափակուած, այլ երգ է, թատրոն է, ասմունք է, երաժշտութիւն է եւ մենք հայկական վարժարանին մէջ ամէն առիթ օգտագործելով՝ դուրս կու գանք մեր գիրքերու սահմաններէն եւ կը հաղորդուինք հայկականութեամբ, ու այսպիսով կը կերտուի մեր ազգային նկարագիրը՝ որպէս հայ քրիստոնեաներ»:
Հաւաքը այդ առիթներէն մէկն էր, որուն ընթացքին աշակերտները պիտի լսէին հայկական ժողովրդային եւ գուսանական երգերու մեկնաբանութիւն՝ հայրենի երիտասարդ եւ խոստմնալից արուեստագիտուհի, մրցանակակիր Եւա Եկանեանի զուլալ ձայնով, նաեւ պիտի ունկնդրէին իր բանաստեղծութիւններով կարգ մը դասարաններու ծանօթ երիտասարդ բանաստեղծ Կայլակը:
Կայլակ, խօսքը ուղղելով աշակերտներուն՝ խրախուսեց զանոնք, որ սորվին հայերէն, հպարտ զգան հայերէն խօսելով, Մեսրոպ Մաշտոցի ստեղծած աստուածատուր տառերը երբե՛ք չմոռնան: Ապա ան ասմունքեց իր իսկ գրած ոտանաւորներէն՝ հայ մշակոյթին նուիրուած «Ցոլքը Սրտիս» բանաստեղծութիւնը, որպէս ներշնչռւմի աղբիւր աշակերտներուն, որոնք սքանչացած էին լսելով իրենց սորված բանաստեղծութիւնները հեղինակին իսկ կողմէ:
Բեմահարթակը ամբողջութեամբ տրամադրելի եղաւ արուեստագիտուհի Եւային, որ ինքզինք ներկայացուց՝ ըսելով. «Սերած եմ երա-ժշտական ընտանիքէ. մանկութենէս յաճախած եմ երաժշտական վարժարան, ապա որպէս քոմփոզիթոր (յօրինող) վկայուած եմ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երժշտանոցէն: Մասնակցած եմ ժողովրդական երգերու մրցոյթի եւ ընդգրկուած եմ առաջին եռեակին մէջ»: Ապա իր ներկայութեամբ, ձայնով, ժպիտով եւ խօսքով ան լրիւ տիրապետեց ոչ միայն բեմին, այլ սրահին՝ աշակերտներուն, ուսուցիչներուն եւ բոլոր ներկաներուն, որոնք սքանչացած կը լսէին՝ վերանալով դէպի հայրենի բնութիւն, դէպի Հայաստան: Արուեստագիտուհի Եւային դաշնամուրի վրայ կ՛ընկերակցէր վարժարանիս երաժշտութեան ուսուցչուհի Վարդուհի Պաղտասարեանը:
Մէկ ժամը ակնթարթի նման անցաւ, բայց անոր թողած ազդեցութիւնը՝ աշակերտներու միտքերուն եւ հոգիներուն վրայ, պիտի մնայ յաւիտեան:
Շնորհակալութեամբ կ՛ուզենք յիշել, որ հայրենի արուեստագիտուհի Եւա Եկանեանը Հայաստանէն ժամանած էր յատկապէս Կայլակի ստեղծագործած մէկ բանաստեղծութեան տեսահոլովակի պատրաստութեան աշխատանքները ամբողջացնելու, սակայն իր սուղ ժամերէն նաեւ բաժին հանած էր աշակերտներուն՝ պարգեւելով անոնց երաժշտական անմոռանալի պահեր: Նաեւ, շնորհակալութիւն կ՛ուզենք յայտնել վարժարանիս ուսուցիչներէն Անթուան Պեզճեանին, որուն ջանքերով իրականացաւ իր տեսակին մէջ իւրայատուկ երաժշտական այս հանդիպումը: