ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ, «Օպամաքեր»ի նուիրուած քննարկում մը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, Փետրուար 27ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, «Արարատ»ի կեդրոնատեղին (3347 N. San Fernando Rd., Los Angeles, CA 90065):
«Օպամաքեր»ի շնորհիւ, շատեր պիտի կարենան առողջապահական ապահովագրութիւն ունենալ այս տարուընէ սկսեալ, եւ պետական զանազան ձեւի նպաստներ դասաւորուած են այդ նպատակով:
Հաւաքին ընթացքին, վկայեալ մասնագէտներ տեղեկութիւններ պիտի փոխանցեն ծրագիրին բերած նորութիւններուն եւ փոփոխութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ նիւթական օժանդակութեանց կարելիութեանց մասին: Անոնք նաեւ պիտի պատասխանեն անհատական հարցումներու:
Տեղեր ապահովելու համար, դիմել (323) 256-2564 թիւին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.