ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Միացեալ Նահանգներու Հայ վեթերաններու միութեան, Կիրակի, Փետրուար 23ին, երեկոյեան ժամը 5:30ին, զօրավար Անդրանիկի ծննդեան 148ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն մը տեղի պիտի ունենայ «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնի «Իսահակ եւ Ժանէթ Գազանճեան» սրահին մէջ (211 W. Chestnut St. # 301, Glendale, CA 91204):
Երեկոն պիտի խանդավառեն հայրենաշունչ երգերու մեկնաբան Նշան æաղացպանեան ու այլ երգիչներ: Տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն եւ մուտքը ազատ է:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 795-9552 կամ (818) 572-5157 թիւերուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.