
Հինգշաբթի, Փետրուար 13ին, նախապէս առնուած ժամադրութեան մը համաձայն, Ուրուկուէյի Հայ Դատի յանձնախումբէն պատուիրակութիւն մը, որուն ընկերացաւ Ուրուկուէյի Հայոց թեմի առաջնորդ Յակոբ արք. Գըլճեան, հանդիպում մը Ուրուկուէյի մօտ Զուիցերոյ դեսպան Տիտիէ Փֆիրթըրի հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որուն նպատակն էր Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական դատարանի, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող յայտնի թուրք քաղաքական գործիչ Փերինչեքին արդարացնող վճիռը, Զուիցերիոյ կառավարութեան կողմէ մերժելու եւ իր կարգին դիմելու միեւնոյն դատարանի Գերագոյն ատեանին՝ վերատեսութեան ենթարկելու այդ հակահայ որոշումը:
Ուրուկուէյի Հայ Դատի յանձնախումբէն կը տեղեկացնեն, որ դեսպանը ոչ միայն ծանօթ էր Փերինչեքի հարցին, այլեւ մանրամասնօրէն լաւատեղեակ անկէ:
Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումին ընթացքին պարզուեցաւ նաեւ, թէ դեսպան Փֆիրթըր բաւական լաւ կը ճանչնայ Հայկական Հարցը եւ մեր արդար իրաւուքն ու պահանջատիրութիւնը, քանի որ ըստ իր ըսածին՝ տարիներէ ի վեր կը հետաքրքրուի հայութիւնը յուզող հարցերով եւ Հայ Դատի հետ կապուած գործունէութեամբ:
Սոյն հանդիպման աւարտին Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած յուշագիրը՝ ուղղուած Զուիցերոյ կառավարութեան, յանձնուեցաւ դեսպանին. ան ընդունեց յուշագիրը եւ խոստացաւ անյապաղ զայն յղել իր կառավարութեան: