ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- Երկուշաբթի, Փետրուար 17ին, Մոնթրէալի Ս. Յակոբ առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Յակոբեանի նախագահութեամբ եւ Հայց. առաքելական եւ Հայ աւետարանական հոգեւոր հայրերու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ բազմավաստակ կրթական մշակ, Լիբանանի Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլէճի երկարամեայ տնօրէն Եդուարդ Էլոյեանի ազգային յուղարկաւորութիւնը:
Արարողութեան ընթացքին իրենց խօսքերը փոխանցեցին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Յակոբ Ճանպազեան եւ հանգուցեալի դուստրը՝ Նուշիկ Էլոյեան: Սգակիրներուն իր խօսքը փոխանցեց նաեւ Խաժակ արք. Յակոբեան, որ յայտնեց, թէ Եդուարդ Էլոյեան երկար տարիներ անսակարկ նուիրումով ծառայեց հայ դպրութեան բագինին եւ կերտեց ազգային ոգիով տոգորուած նոր սերունդի փաղանգներ:
Եդուարդ Էլոյեան ծնած է 1929ին, Հալէպ: Նախակրթութիւնը ստացած է Հալէպի Ազգային Հայկազեան եւ Պօղոս Կիւլպէնկեան» վարժարաններուն մէջ: 1944-50 ուսումնական տարեշրջաններուն եղած է աշակերտ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին եւ ստացած՝ Վկայական միջնակարգ եւ Աստուածաբանական ուսմանց: Նոյն այդ շրջանին, տարիով մը 1947-1948, յաճախած է նաեւ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարան, հետեւելով անգլերէն լեզուի դասընթացքներու:
1950ի Հոկտեմբերին վերադարձած է ծննդավայր Հալէպ: 1950-52 ուսումնական տարեշրջաններուն պաշտօնավարած է Զաւարեան վարժարանին մէջ, ապա հրաւիրուած Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարան որպէս հայոց պատմութեան, գրաբարի, հայ մատենագրութեան եւ հայ եկեղեցւոյ պատմութեան դասատու՝ աւանդելով վերոյիշեալ դասանիւթերը հաստատութեան բարձրագոյն երեք կարգերու աշակերտութեան: 1955ի Սեպտեմբերին ստանձնած է Ազգային Սահակեան վարժարանի տնօրէնութիւնը:
1963ին ստանձնած է տնօրէնութիւնը Լիբանանի Սուրէն Խանամիրեան ազգային Քոլեճի: Ամբողջ 17 տարիներ ծառայած է այդ հաստատութեան՝ տնօրէնի եւ ուսուցիչի զոյգ պաշտօններով: Աւանդած է Հայոց լեզու եւ գրականութիւն եւ երկար ժամանակ մը՝ նաեւ հայոց պատմութիւն:
1981ին փոխադրուած է Քանատա: 1982-1992 պաշտօնավարած է Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանին մէջ, որպէս հայերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ:
Կրթական եւ ուսումնական իր ծառայութեանց զուգահեռ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հաւատաւոր անդամ Եդուարդ Էլոյեան եղած է ՀՅԴ Լիբանանի եւ ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէներու անդամ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.