ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Վրաստանի նախագահ Կիորկի Մարկվելաշվիլի Ատրպէյճան այցելութեան ընթացքին հարցազրոյց մը ունեցած է «Թրենտ» լրատու գործակալութեան հետ՝ խօսելով Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթագիծի նշանակութեան մասին: Վրաստանի նախագահը նախագիծը «պատմական» որակած է եւ նշած, թէ անոր շնորհիւ պիտի բարեփոխուի Ասիոյ եւ Եւրոպայի աշխարհաքաղաքականութիւնը: «Նախագիծը ոչ միայն իրարու պիտի միացնէ Վրաստանը, Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան, այլ նաեւ կամուրջ պիտի հանդիսանայ Ասիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ», ըսած ան: Ըստ անոր՝ նախագիծը «աշխուժօրէն կը զարգանայ», եւ մօտիկ ապագային այդ երկաթուղիի ծրագիրին պիտի կապուի ճամբորդական այլ նախագիծներ: «Նման համագործակցութիւն կայունութիւն պիտի ստեղծէ Հարաւային Կովկասի մէջ: Մենք այդ մասին խօսած ենք նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, եւ կայունութեան այս հիմը պիտի նպաստէ տարածաշրջանի բարգաւաճման», աւելցուցած է Մարկվելաշվիլի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.