ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Հաստատուած իրողութիւն է, որ երբեմն գաղութներու մէջ կ՛ապրին հայ մարդիկ եւ հայ ընտանիքներ, որոնք իրենց կեանքի տեւողութեան, իրենց ապրած շրջանէն ներս, անսակարկ ճիգով, խիղճով, օրինակով, քրտինքով եւ լումայով, այդ գաղութի պատմութեան էջերուն վրայ անաղմուկ կ՛արձանագրեն յստակ եւ ազնիւ տողեր: Մէկ խօսքով՝ նոյն այս ընտանիքին պատկանող անդամներուն համեստ ներդրումով, անոնք այդ գաղութին գեղեցիկ եւ օրինակելի պիտակը կը դառնան:
Օրեր առաջ, նման գեղեցիկ օրինակի մը հետ յատուկ տեսակցութիւն մը ունեցայ՝ «Ասպարէզ»ի համար:
Շիրակ Գոճայեան կը կոչուի այդ հայը, որ վերջերս իր անձնական ճիգերով պատրաստած էր վաւերագրական երկու ժապաւէններ՝ մէկը հայ ժողովուրդի սրտին խօսող արագիլ թռչունին մասին էր, իսկ միւսը՝ նուիրուած հայրենի համադամ պտուղներէն նշանաւոր ծիրանին:
Աւելի քան մէկ ժամ տեւած մեր մտերմիկ խօսակցութիւն-տեսակցութեան ընթացքին նախ մօտէն ծանօթացայ Շիրակ Գոճայեան մարդու անմիջական, հաղորդական եւ պարզ հայու նկարագիրին, իր հայրենիքը օտարներուն ծանօթացնելու անոր օրինակելի մտայղացման եւ այս բոլորէն ետք՝ իր պատրաստած մեծածախս երկու ժապաւէններուն:
Ընդհանուր գիծերու մէջ ամփոփելով՝ շինիչ եւ նոյնքան հետաքրքրական այս տեսակացութեան բաժնեկից կը դարձնեմ ընթերցողները, որպէսզի իրենք եւս որոշ չափով ծանօթանան ոչ միայն այն հայուն, որուն համար հայրենիքը միշտ եղած է բաբախուն ու կենդանի, այլ նաեւ հայրենի մեր ազգային «գանձերուն», որոնց շատ յաճախ ծանօթ չենք կամ չենք անդրադարձած անոնց պատմական իրողութիւններուն եւ հարստութեան:
Առաջին ժապաւէն՝ Aragil – The White Stork – «Արագիլ»
Հարցում.- Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս ծնունդ առած է այս մէկը եւ ինչե՞ր կը բովանդակէ:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- 2002 թուականին, Հայաստան այցելութեանս շրջանին, բազմաթիւ զբօսաշրջիկներու նման ես ալ հայրենի գիւղերու մէջ, անոնց բարձր ծառերու կատարներուն վրայ տեսայ արագիլներու բոյներ: Արագիլի մասին լսած էի: Ծանօթ էի հայ ժողովուրդի սիրտին մօտիկ այս թռչունին, սակայն մանրամասն գաղափարներն ու գիտելիքները կը պակսէին: Անոր համար միշտ զարմանքով դիտեցի անոնց թռիչքը, սաւառնումն ու կենցաղը: Անկեղծօրէն, մէջս արթնցաւ խորունկ հետաքրքրութիւն մը արագիլը աւելի մօտէն ճանչնալու եւ իբրեւ հայ ազգային թռչուն՝ զայն համայն աշխարհին ծանօթացնելու: Ուստի սկսայ ուսումնասիրելու եւ պրպտումներ կատարելու:
Անմիջապէս գործի անցայ եւ սկսայ իւրաքանչիւր գիւղի կամ աւանի մէջ իմ հանդիպած արագիլները նկարահանելու՝ բոյներ, թռիչք, ձագեր:
Այս ձեւով, մօտաւորապէս ութ երկար ժամ տեւողութեամբ ժապաւէն մը ունեցայ: Նոյն ատեն տեղեկացայ, թէ Երեւանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ արդէն իսկ արագիլներու մասին ուսումնասիրութիւններ կը կատարուին: Դիմեցի դոկտ. Աղպապեանին: Պատասխանատու տնօրէնը մեծապէս օգտակար հանդիսացաւ ինծի այս մարզէն ներս: Տեղեկացայ, թէ արդէն Հայաստանի մէջ զանազան շրջաններէ ներս, շուրջ հազար արագիլ կ՛ապրի: Հայրենի այս թռչունները գրեթէ բոլորն ալ գրանցուած եւ անոնց ոտքերուն մէկական օղակներ անցուած էին: Բացայայտուեցաւ նաեւ, թէ աշնանավերջին, հայրենի մեր արագիլները դէպի տաք երկիրներ գաղթելով՝ հասած էին նոյնիսկ մինչեւ Սէուտական Արաբիա: Այս տեղեկութիւնը հաստատուած է արաբական այդ երկրի պաշտօնական աղբիւրներէն, երբ համալսարանի պատասխանատուներուն փոխանցուած է արագիլի ոտքին կապուած օղակին թիւը կամ նշանը:
Այս արդէն յայտարար նշան է, թէ այս թռչունները յատուկ ուշադրութեան եւ ուսումնասիրութեան առարկայ դարձած էին համալսարանին կողմէ:
Նկարած այս ութ ժամնոց ֆիլմս, արհեստավարժ միջոցով եւ անգլերէն բացատրութեամբ Edit ընելէ, ամփոփելէ, զտելէ եւ դասաւորելէ ետք, վերածել տուած էի կէս ժամնոց վաւերագրական ֆիլմի մը: Հայրենիք իմ յաջորդ այցելութեան ժամանակ, այս ժապաւէնը ցոյց տուի դոկտ. Աղպապեանին, որ իսկապէ՛ս հիացաւ: Օրին, անմիջապէս դասաւորուեցաւ ժապաւէնին պաշտօնական առաջին ցուցադրութիւնը, որուն, համալսարանի պատասխանատուներու կողքին, ներկայ էին նաեւ հայրենի պետական անձնաւորութիւններ, պաշտօնական օտար հիւրեր եւ հայ ու օտար պատկերասփիւռի կայաններ:
Մօտս արդէն ունիմ հազար օրինակ: Ինծի համար նիւթականի աղբիւր մը չէ այս աշխատանքը, այլ միջոց՝ հոգեկան գոհունակութեան կողքին՝ համայն մարդկութեան ցոյց տալու համար մեր ազգային թռչունին կեանքը, կենցաղը եւ մեր հոգածութիւնը անոր նկատմամբ:
Երկրորդ ժապաւէն՝ «Ծիրան – Հայկական Համեղ Պտուղ»
Հարցում.- Ինչո՞ւ ծիրան, եւ ինչպէ՞ս ծնունդ առաւ այս ժապաւէնը:
Պատասխան.- Ինծի համար հայրենիքս ունի իր ինքնուրոյն եւ եզակի դիմագիծը: Անոր համար ալ իւրաքանչիւր այցելութիւն նոր գաղափարի մը ներշնչումը կ՛ըլլայ: Հայաստանի մէջ շրջապտոյտներուս ընթացքին աչքի զարնող ամէնէն համեղ պտուղը հանդիսացած էր ծիրանը: Դպրոցական տարիներէս գիտէի, թէ պատմական նշանակութիւն մըն ալ ունի այս համադամ պտուղը: Մէկ խօսքով՝ մեր երկրի հպարտ հարստութեան մաս կը կազմէ:
Բոլորս ալ տեղեակ ենք, թէ արաբական երկիրները իրենց արմաւով կը հպարտանան: Պրազիլը՝ սուրճով, եւ այլն: Իսկ մենք ալ, մեր կարգին, անպայման՝ ծիրանով: Ուստի որոշեցի ծիրանը աւելի մօտէն ուսումնասիրել, տեղեկանալ անոր տեսակներուն մասին, նորութիւններ հաւաքել եւ միաժամանակ նկարահանել հայ գիւղացին՝ իր ծիրանի պարտէզներուն մէջ:
Հայրենի գիւղեր այցելութիւններուս ժամանակ, սկսայ մօտէն հետաքրքրուելու այս պտուղի արտադրութեամբ: Առաջին հանդիպումս Գառնի տաճառի շրջանն էր: Այսպէս, յետ երկար ու մանրամասն պրպտումներուս, ուսումնասիրութիւններուս եւ հայրենի գիւղացիներէն քաղած տեղեկութիւններուս, իմացայ, թէ ներկայիս Հայաստանի մէջ ունինք ծիրանի 150 տեսականի:
Հետաքրքրական ուրիշ երեւոյթի մըն ալ հանդիպեցայ. խնձորը կամ թուզը իրենց ծառի ճիւղին վրայ երկար կրնան մնալ, սակայն ծիրանը՝ ո՛չ, որովհետեւ այս պտուղը թէեւ նուրբ կոթ մը ունի, սակայն ծանր ալ է: Ուժեղ հով մը կրնայ ծիրանիի բոլոր պտուղները վար թափել եւ նիւթական մեծ վնաս հասցնել գիւղացիին:
Հայսատանի մէջ ծիրանէն կը պատրաստեն օղի, ինչպէս նաեւ՝ չիր: Հոն ընկերութիւն մը կայ՝ Spyka անունով, որ տարեկան, որոշ քանակութեամբ, հայ գիւղացիներէն կը գնէ այս պտուղը: Իսկ անդին թօներով ծիրան աննկատ կը մնայ:
Իր կարգին, պետութիւնը չէ հետաքրքրուած ծիրանի արտածումով կամ սպառումով: Անոր համար, գիւղացիներէն շատերը կ՛ուզեն իրենց ծիրանի ծառերէն ազատիլ եւ տեղը ցորեն մշակել, իբրեւ առաւել շահաբեր մշակում:
Մենք միշտ հպարտ պէտք է զգանք մեր ծիրանով, որ պատմական մեծ նշանակութիւն ունի: Յիշենք, որ մեր թագաւորները ծիրանագոյն զգեստներ կը հագուէին: Աշխարհի պատմութեան մէջ նաեւ յիշուած է, թէ Մեծն Ալեքսանդր իրեն հետ Եւրոպա տարած է մեր ծիրանը՝ «հայկական սալոր» անունով, որ լատիներէն կոչուած է «Արմէնիաքա Բրունոս»:
Տակաւին, Տիգրան Մեծի օրերուն, հռոմէացի Լուկուլլոս զօրավար-կայսրը Հռոմի իր պարտէզներուն մէջ տնկել տուած է Հայաստանէն բերուած ծիրանիներ: Նոյնպէս, ծիրանը մեր հայրենիքին ճամբով հասած է Հնդկաստան եւ Չինաստան:
Համաձայն ճշգրիտ տուեալներու, մեր հայրենի 150 տեսականի ծիրաններէն միայն 50ը որոշ անուն կը կրէ, իսկ մնացածը պարզ եւ սովորական ծիրան է: Օրինակ՝ նշանաւորներէն են «Շալախ»ը, «Սաթենի»ն, «Սպիտակ»ը, որոնք շատ քաղցր կ՛ըլլան: Կան նաեւ «Ճերմակ»ը, «Արագածի»ն, «Մասիսի»ն, «Արակս»ը « Նախիջեւան»ը, «Մարմարի»ն եւ շատ ուրիշներ:
Համաձայն աշխարհահռչակ տուտուկահար Ճիւան Գասպարեանի՝ ծիրան պտուղը չէ որ օրհնուած է, այլ՝ անոր ծառը: Ուրեմն, ծիրանը ազգային պտուղ մըն է: Անոր իւրաքանչիւր հատը շատ յաճախ 100-200 կրամ կը կշռէ: Կարգ մը վայրերու մէջ սովորական ծիրանի մը տարեկան կու տայ 400էն 700 քիլօկրամ պտուղ: Բացի ծիրան պտուղէն, անոր կորիզը շատ օգտակար է: Այսպէս, Մեքսիքայի մէջ բժիշկները ծիրանի կորիզին միջուկը կ՛օգտագործեն քաղցկեղի դարամանումին իբրեւ միջոց: Համաձայն բժշկական վիճակագրութիւններու՝ հոն աւելի քան 100 հազար քաղցկեղով տառապող հիւանդ բժշկուած է այդ միջոցով:
Իսկ գալով ծիրանի ծառին՝ ծիրանիին, գիւղացիները անոր փայտը հինգ տարի չորցած կը պահեն եւ ապա կը գործածեն տուտուկ կամ սրինգ պատրաստելու: Ծիրանափող կ՛անուանուին ծիրանիի փայտէն պատրաստուած տուտուկները, որոնք շատ յարգի ու նշանաւոր են: Իսկ կուտով երեխաները սուլիչ կը սարքեն:
Պէտք է շեշտեմ, որ այս ժապաւէնի նախապատրաստական աշխատանքներուն եւ տեղեկութիւններ քաղելու համար, մէկ տարուան ընթացքին չորս անգամ հայրենիք այցելած եմ: Մօտէն հետեւած ու նկարահանած եմ ծիրանիի ծլումն ու ծաղկումը եւ անշուշտ՝ պտղաւորումը:
2013ին, Երեւանի մէջ, իբրեւ վաւերագրական ժապաւէնի հեղինակ՝ պաշտօնապէս հրաւիրուեցայ «Ոսկէ Ծիրան» միջազգային ֆիլմի փառատօնին, որուն ներկայ էր նաեւ աշխարհահռչակ հայազգի երգիչ Շարլ Ազնաւուր:
Չմոռնանք, սակայն, որ մեր ժողովուրդը ծիրանին նուիրուած շատ երգեր ունի: Օրինակ՝ Կոմիտասի «Ծիրանի Ծառ»ը, 2010ի Եւրոպայի երգի միջազգային փառատօնին Էւա Ռիվասի «Ապրիքօթ Սթոն» երգը ու վանեցիներուն «Հալալէ ճան հալալէ» նշանաւոր երգը:
Իբրեւ վերջաբան՝ կ՛ուզեմ աւելցնել հետեւեալ մաղթանքս ու ջերմ փափաքս, որ հայրենի մեր պետութիւնը աւելի մօտէն հետեւի ծիրանաբուծութեան աշխատանքին, ծիրանի արտադրութեան, անոր սպառման եւ հոգածութեան, որպէսզի հայ գիւղացին առաւել կապուածութեամբ մշակէ ազգային հպարտութիւն առթող այս ծառն ու անոր պտուղը:
***
Հետաքրքրական մանրամասնութիւններով լեցուն էր հայրենիքին կապուած որոշ առաքելութեան տէր Շիրակ Գոճայեանի հետ մեր զրոյցը:
Իմ կարգիս, գաղութիս բոլոր մշակութային միութիւններուն թելադրանքս պիտի ըլլար՝ սոյն երկու ժապաւէններուն հրապարակային ցուցադրութեան նախաձեռնել, յանուն մեր ազգային մշակոյթի տարածման:
Մինչ՝ վարձքդ կատար, Շիրակ Գոճայեան: