ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձան մը եւս պիտի կառուցուի Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի ամենամեծ թաղամասին՝ Պոթքիրքայի մէջ։ Յուշարձանը նուիրուած պիտի ըլլայ թէ՛ հայերու եւ թէ ասորիներու դէմ գործուած ցեղասպանութիւններուն։ Ասորի միութիւններու «Սէյֆօ» կոչուած յանձնախումբի դիմումին վրայ է, որ Պոթքիրքայի քաղաքապետութիւնը այս մասին քուէարկութիւն կատարեց եւ 5 դէմ քուէի փոխարէն՝ 54 քուէով վաւերացուց ծրագիրը։ Նախքան քուէարկութիւնը, ատրպէյճանցիներու եւ թուրքերու խումբեր բողոքի ցոյց մը ըրին քաղաքապետութեան շէնքին դիմաց։ Զուգահեռ կերպով, յուշարձանին ի նպաստ ցոյց մը ըրին ասորիները։ Ոստիկանական հսկողութեան տակ՝ երկու կողմերը իրարու դէմ լօզունգներ արձակեցին։
Հետաքրքրական է, որ քաղաքապետական խորհրդարանին մէջ ինը կուսակցութիւններէն ութն յուշարձանի առաջարկին ի նպաստ քուէարկեց։ Միայն գաղթականներու դէմ դիրք գրաւած Կանաչներու կուսակցութեան անդամները «ո՛»չ ըսին առաջարկին։ Կանաչներու կուսակցութեան կ՛անդամակցին Պայրամ Ուլուտաղ եւ Տենիզ Պուլտուք անունով թուրք երեսփոխաններ, որոնք քուէարկութենէն առաջ ելոյթներ ունեցած են յուշարձանին դէմ:
Ասորիներու եւ հայերու 1915ի ցեղասպանութեանց առնչութեամբ նախատեսուած յուշարձանին դէմ թուրք խմբակները պնդեցին, թէ քաղաքապետութեան այս որոշումը իրենց վրայ յարձակում մըն է։
Յատկանշական է, որ Պոթքիրքայի քաղաքապետութեան սահմաններուն մէջ կը բնակին մօտաւորապէս 87,400 քաղաքացիներ, որոնցմէ մօտաւորապէս 10 հազարը թուրք է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.