
Ուրուկուէյահայ գեղեցկուհի, «թափ մատըլ» Եոհաննա Ռիվա Կարապետեան Յունուար 19ին հանդիսացած է «Միսս Ուրուկուէյ-2014» մրցումին յաղթողը:
Կարապետեան պիտի ներկայացնէ Ուրուկուէյը այս տարի Պրազիլի մէջ կայացող «Միսս Եունիվըրս-2014» մրցումին:
174 ս. մեթր հասակով գեղեցկուհիին կը պատկանի նաեւ «Ուրուկուէյի Միսս Թուրիզմ-2008» տիտղոսը: