
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Հիմնադրամներու վարչութեան շրջանային մարմինը Տիգրանակերտի մէջ 2007ին յայտնաբերուած 1600ամեայ եկեղեցւոյ աւերակներուն վրայ մզկիթ եւ դամբարան պիտի կառուցէ:
Թանգարաններու վարչութիւնը ուզած էր այդ տարածքին մէջ պեղումներ կատարել: 2007ի ընթացքին, քսան օր տեւած պեղումներուն ժամանակ յայտնաբերուած էր երկու հարիւր քառակուսի մեթր տարածքի վրայ 1600ամեայ կառոյց մը, որ կը թուի Հռոմէական կայսրութեան ժամանակներու ճարտարապետութեան օրինակով կառոյց մը ըլլալ:
Շատ հաւանական է, որ կառոյցը եկեղեցի մը եղած է:
Երկար ժամանակ տարածքը անխնամ ձգուած է, որմէ ետք Տիգրանակերտի որոշ շրջանակներ սկսած են պնդելու, թէ անիկա Սասա սուլթանի դամբարանն է:
Անտէր վիճակի մէջ մնալով՝ կառոյցին պատմական շարք մը ապացոյցները ոչնչացուած են, իսկ շրջակայքը աշխատողները 1600ամեայ շինութիւնը աղբանոցի վերածած են: Թէեւ պեղումներու ժամանակ սուլթան Սասայի դամբարանը չէ յայտնաբերուած, պաշտօնական փաստաթուղթերուն մէջ տարածքը տակաւին իբրեւ դամբարան կը ներկայացուի: