
ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».– Հայ գործարար Աշոտ Սուքիասեանը, որ կը մեղադրուէր նախորդ տարի «օֆշորային սկանտալ»ին առնչուած գործով, ձերբակալուած է Թիֆլիսի միջազգային օդակայանին մէջ՝ Հայաստանի եւ Վրաստանի իրաւապահ մարմիններու միացեալ գործողութեան իբրեւ արդիւնք:
Ըստ վրացական աղբիւրներուն՝ Սուքիասեան Թիֆլիսի ճամբով Թուրքիայէն Հայաստան կը վերադառնար եւ ձերբակալուած է անձնագիրի ստուգման ընթացքին, երբ յստակացած է, որ «Ինթըրփոլ»ի միջոցով կը հետախուզուէր Հայաստանի ոստիկանութեան կողմէ:
Յունիսի աւարտին Սուքիասեանը մեղադրուած էր հսկայական չափերով խարդախութեան համար, զոր կոչեցին «օֆշորային սկանտալ», որուն մէջ, ըստ զանգուածային լրատուամիջոցներու՝ կային նաեւ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի եւ Արարատեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ Նաւասարդ Կճոյեանի անունները: Սուքիասեան այդ ատեն Հայաստան չէր գտնուեր, եւ յայտարարուեցաւ, որ ան կը հետապնդուի։