
ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնէթ».– «Գիւմրի-Ասպարէզ» օրաթերթը պիտի վերանուանուի «Ասպարէզ» եւ 4 Փետրուարէն սկսեալ պիտի վաճառուի Հայաստանի բոլոր մարզերուն մէջ: «Սիվիլնէթ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է թերթի գլխաւոր խմբագիր, լրագրողներու «Ասպարէզ» ակումբի խորհուրդի նախագահ Լեւոն Բարսեղեանը:
«Մինչ այս թերթը վաճառւում էր միայն Գիւմրիում եւ Վանաձորում, սակայն այժմ ընդլայնում ենք աշխարհագրութիւնը», նշած է Բարսեղեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՛նչ ակնկալութիւններ կան թերթի հետագայ վաճառքներէն՝ նկատի առնելով ներկայիս տպագիր մամուլի բնագաւառին մէջ տիրող իրավիճակը, երբ շատ մը թերթեր կը փակուին կամ կը սղին, Բարսեղեան նշած է, որ՝ «տպագիր մամուլի մահուան մասին լուրերը չափազանցուած են»:
«Թերթը շարունակում է իր դերն ունենալ եւ դեռ իր կայուն տեղը կը գտնի որոշակի խմբի ընթերցողների մօտ: Այնպիսի ժամանակներում ենք, որ տպագիր մամուլը դատապարտուած է տրանսֆորմացիաների, սակայն կայ մարդկանց այն խումբը, որի մօտ տպագիր մամուլն իր ուրոյն տեղն ունի», յայտնած է «Ասպարէզ»ի խմբագիրը՝ աւելցնելով, որ շատ բան կախեալ է իրենցմէ, լուսաբանուող նիւթերէն եւ բովանդակութենէն:
Լրագրողը հարցուցած է, որ արդեօք թերթի վաճառքէն ստացուող գումարներով կարելի պիտի ըլլա՞յ ծախսերը ծածկել (թերթը պիտի վաճառուի 100 դրամով), Լեւոն Բարսեղեան պատասխանած է, որ իրենց հաշիւներուն համաձայն՝ մօտաւորապէս 900 օրինակ ծախուելու պարագային կարելի պիտի ըլլայ ապահովել թերթին ծախսը, սակայն ներկայիս վնասով կ՛աշխատին:
Անդրադառնալով թերթին լուսաբանած լուրերուն՝ «Ասպարէզ»ի գլխաւոր խմբագիրը նշած է, որ պարբերականը պիտի շարունակէ գլխաւորաբար անդրադառնալ մարզերը յուզող խնդիրներուն, սակայն մայրաքաղաքային լուրերը եւս լուսարձակի տակ պիտի առնուին:
Յատկանշական է, որ 2014ի Յունուարէն արդէն դադրեցաւ հրատարակուելէ նորանկախ Հայաստանի ամենահին թերթերէն մէկը՝ «Ազգ» օրաթերթը, իսկ տպագիր թերթերէն քանի մը հատը 50 կամ 100 դրամով բարձրացուցին իրենց գիները։