ԼԱ ՎԸՐՆ.- «Ռոթըրի» ակումբի նորակազմ «Կարպիս Տէր Եղիայեան խաղաղութեան հիմնարկ»ին նախաձեռնութեամբ, «Միութեան ջատագովում՝ բազմազանութեան միջոցով» նիւթով խորհրդաժողով մը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Մարտ 1ին, առաւօտեան ժամը 8:30էն մինչեւ կ.ե. ժամը 12:30, Լա Վըրնի համալսարանի «Էն եւ Սթիւ Մորկըն» սրահին մէջ (1950 Third Street, La Verne, CA):
Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան 1990էն ի վեր առաջնորդած է տեղական «Ռոթըրի» ակումբի խաղաղութեան նուիրուած խորհրդաժողովները, ուստի որոշուած էր անոր անունով հաստատել հիմնարկ մը, որ կը շարունակէ նման խորհրդաժողովներ կազմակերպել:
Այս տարուան խորհրդաժողովի գլխաւոր բանախօսները պիտի ըլլան դոկտ. Էն Մաթիուզ, դատաւոր Սամուէլ Տէր Եղիայեան եւ Մաթիաս Սանտհոլմ: Ներկայացումներուն աւարտին տեղի պիտի ունենայ նաեւ քննարկում: Ողջոյնի խօսքեր պիտի արտասանեն ակումբի շրջանային տնօրէն Մայզ Փեթրոֆ ու դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան, իսկ հանդիսավարն է Մայքըլ Տրէյպըն:
Գեղարուեստական յայտագիրին պիտի մասնակցի Ռալֆ «Ռաֆվել» Տատլեւը:
Մասնակցութեան սակը՝ ներառեալ նախաճաշը, 20 տոլար է, իսկ ուսանողներու համար՝ 5 տոլար: Արձանագրութեան համար, այցելել www.DISTRCT5300.ORG կայքը կամ դիմել Raghada@khouryent.net հասցէին ու (760) 559-3244 թիւին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.