ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Այսինքն՝ առաջինը, ամէնէն կարեւորը: Հայաստանի Հանրապետութիւնն է՝ անկախ պետականութեան հզօրացումը, հայոց բանակի ամրապնդումը: Այս ամէնը մէկ ամբողջութիւն է եւ այս ամբողջութեան մաս կը կազմէ ամէն ինչ, որ ուղղակի կամ անուղղակիօրէն, մօտէն կամ հեռուէն առնչութիւն ունի հայոց պետութիւնը ամուր, հայոց բանակը անպարտելի, հայոց գերիշխանութիւնը անհպելի դարձնելու նպատակին հետ:
Այս նախաբանը արձագանգ է ընկերոջս՝ Գէորգ Սանդիկեանի մտահոգութեան:
Արդարեւ, «Եթէ» վերնագիրով «ՕՐԸ ՕՐԻՆ» սիւնակին (Յունուար 7, 2014) իբրեւ արձագանգ, Գէորգ նամակով փոխանցած էր իր հետեւեալ մտածումը.
«Այդ ամէնը լաւ, բայց նաեւ կարեւոր է ճշդել կարգը՝ ի՞նչ առաջնութեամբ, ի՞նչ հերթականութեամբ: Իմ համեստ կարծիքով՝ կարեւոր է կեդրոնանալ գլխաւոր նպատակի մի շուրջ, օրինակ՝ Հայաստան պետութեան եւ ժողովուրդի հզօրացման: Եթէ կան շաղկապուած նպատակներ, օրինակ՝ արդար հասարակարգի ստեղծում, ապա ո՛չ մէկ առարկութիւն: Սակայն կարգը խանգարող նպատակներ, օրինակ՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան, շփոթ եւ գործէ փախչելու պատրուակ կը ստեղծեն:
Մեր հնարաւորութիւնները կը բազմապատկուին, երբ մեր ուժերը չափուած, ձեւուած եւ մտածուած ձեւով կ՛օգտագործենք»:
Եթէ նուազագոյն իսկ կասկած ունենայի, որ Գէորգը իր սրտին մէջ չի փայփայեր Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի երազը, այս սիւնակը չէի զբաղեցներ իր նամակին արձագանգով:
Կ՛ուզեմ սակայն պնդել, որ Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի երազով ապրող իւրաքանչիւր հայ մարդ չի կրնար ամէնէն առաջնահերթ չնկատել Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացումը: Գործէ փախչողը՝ ուրիշ օրակարգ ունի: