ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ.- Բարի աւանդութիւն է, որ Ազգ. առաջնորդարանը տարուան ընթացքին ու յատկապէս տօնական օրերուն, յատուկ արարողութիւններ կազմակերպէ «Արարատ Տան» մէջ, տարեց պատսպարեալները մասնակից դարձնելու համար ցնծութեան մթնոլորտին ու տօնական օրուան խորհուրդին։
Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի նախագահութեամբ, Կիրակի, Յունուար 5ի առաւօտուն, Ս. պատարագ մատուցուեցաւ եւ ջրօրհնէքի արարողութիւն կատարուեցաւ նշեալ հաստատութեան յարկին տակ։
Նախքան Ս. պատարագը, հիւանդանոցի բաժինին մէջ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով բարեմաղթութիւններ կատարեց հաստատութեան պատասխանատուներուն եւ պատսպարեալներուն։ Ապա, առաջնորդ սրբազանը շնորհաւորեց պատասխանատուներն ու պատսպարեալ տարեցները՝ տօնական օրերուն առիթով, ու հոգեւոր հայրերու աղօթակցութեամբ ջրօրհնէքի արարողութիւն կատարեց։ Արարողութեան աւարտին, տարեց բնակիչները Ս. հաղորդութիւն ստացան քահանայ հայրերուն ձեռամբ։
Խօսք առաւ «Արարատ Տան» հոգաբարձութեան ատենապետ Ժոզէֆ Կանիմեան, որ ողջունեց առաջնորդ սրբազանին եւ հոգեւոր հայրերուն ներկայութիւնը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց տարեցներու հոգածութեան նուիրուած այս հաստատութեան հանդէպ անոնց հոգածու վերաբերմունքին համար։
Աւելի ուշ, «Արարատ Տան» մատրան մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ։ Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեան Ս. պատարագ մատուցեց եւ օրուան խորհուրդը վեր առնող քարոզ մը արտասանեց։ Պատարագէն ետք, սրբազանը կատարեց ջրօրհնէք։ Զոյգ արարողութեանց ներկայ էին հաստատութեան պատասխանատուները։
Արարողութիւններէն ետք հոգեւորականաց դասը հիւրընկալուեցաւ հաստատութեան պատասխանատուներուն կողմէ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.