ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ֆութ-պոլի Հայաստանի ազգային հաւաքականը նահանջած է ՖԻՖԱի դասակարգման աղիւսակին մէջ:
Յունուար ամսուան նոր աղիւսակին մէջ Հայաստանի հաւաքականը գրաւած է 38րդ հորիզոնականը՝ նախորդ ամսուան հետ բաղդատած նահանջելով 3 հորիզոնականով: Ազգային հաւաքականը ունի 716 միաւոր: Աղիւսակին լաւագոյն տասնեակը մնացած է անփոփոխ: Առաջին դիրքի վրայ է Սպանիոյ հաւաքականը, այնուհետեւ իրարու կը յաջորդեն Գերմանիան, Արժանթինը, Քոլոմպիան, Փորթուկալը, Ուրուկուէյը, Իտալիան, Զուիցերիան, Հոլանտան եւ Պրազիլը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.