ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- ՀՄԸՄ վերջերս համաձայնագիր մը ստորագրեց «Կուկըլ»ի հետ, որպէս առաջին հայկական ոչ-հասութաբեր միութիւն, օգտուելու համար «Կուկըլ»ի տրամադրած արհեստագիտական դիւրութիւններէն։ Սոյն համաձայնագիրով ՀՄԸՄին պիտի տրամադրուի յատուկ դիւրութիւններ՝ առաւել եւս զարգացնելու արհեստագիտական կարելիութիւնները։ «Կուկըլ»ը ՀՄԸՄին պիտի տրամադրէ եռամսեայ համացանցային մարզումի ծրագիր մը, աշխատանքի յաջողութեան համար։ Ծրագիրը պիտի սկսի 7 Յունուար 2014ին եւ համացանցային մարզումի շրջանը պիտի աւարտի 3 ամիս ետք:
ՀՄԸՄի Արեւմտեան եւ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու շրջանները պիտի ըլլան այս ծրագիրի առաջին օգտագործողները։ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀՄԸՄ) ունի աւելի քան 25,000 անդամ՝ տարածուած 5 ցամաքամասերու վրայ։ ՀՄԸՄ ունի 104 մասնաճիւղեր, որոնցմէ 18ն կը գտնուին Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ 6800 անդամական թիւով, իսկ 10 մասնաճիւղեր կը գտնուին Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ 2000 անդամական թիւով։
«Որպէս համաշխարհային կառոյց, անհրաժեշտ է, որ օժանդակենք տարբեր երկիրներու եւ մասնաճիւղերու մէջ գտնուող մեր միութենականներուն եւ պաշտօնէութեան, որպէսզի անոնք նոր կարելիութիւններով հաղորդակցին իրարու հետ եւ հետապնդեն ծրագիրներու իրագործման մանրամասնութիւններն ու ընթացքը։ «Կուկըլ»ի շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ իրագործել այս բոլորը», հաստատեց ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը։ Ան նշեց, որ ՀՄԸՄի ներքին անդամական տուեալներու ծրագիրը («տաթապէյս») պիտի չազդուի այս ծրագիրէն, որովհետեւ «Կուկըլ» կարելիութիւնը չունի որեւէ ձեւով ստուգելու կամ փոփոխութիւններ ներմուծելու անոր մէջ։ «ՀՄԸՄականներու անձնական տուեալները պիտի չփոխանցուին «Կուկըլ»ին», հաստատեց Մկրտիչեան։
ՀՄԸՄի Պատգամաւորական 10րդ Ընդհանուր ժողովը (Սեպտեմբեր 2011) որդեգրեց Ռազմավարական ծրագրաւորման գործընթացի իրականացման քայլերը։ Ռազմավարական ծրագրաւորումի զանազան մարտահրաւէրներու ծիրին մէջ է նաեւ արհեստագիտական նորութիւններու հետապնդումը՝ օժանդակելու համար ՀՄԸՄի զանազան աշխատանքներուն։ «Կուկըլ»ը ՀՄԸՄին պիտի տրամադրէ արհեստագիտական աշխատանքային նոր կարելիութիւններ եւ դիւրութիւններ, նշուած նպատակներու իրագործման ի խնդիր։
«Ներքին աշխատանքներու դիւրութեան կողքին, «Կուկըլ»ի ընծայած կարելիութիւններով կարելի պիտի ըլլայ նաեւ մեր անդամները առաւել իրազեկ դարձնել ՀՄԸՄի կայքէջին ու զիրենք մղել, որ իրենց ներդրումը ունենան անոր յաջողութեան մէջ։ Նաեւ, կարելի պիտի ըլլայ յատուկ ծրագիրով (Analytics) հետապնդել եւ ստուգել ընկերային ցանցերու ազդեցութիւնը», իր կարգին նշեց ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Ռազմավարական ծրագրաւորումի ներկայացուցիչ Վիգէն Դաւթեան։
Ներկայիս 5 միլիոն առեւտրական հաստատութիւններ տարեկան դրութեամբ 50 տոլար կը վճարեն «Կուկըլ»ի ծրագիրի իւրաքանչիւր գործածողի համար, օժանդակելու իրենց հաստատութեան աշխատանքներուն։ «Կուկըլ»ը ոչ միայն ձրիաբար այս կարելիութիւնները տրամադրեց ՀՄԸՄին, այլեւ երեք միութենականներ պիտի բոլորեն անվճար ուսուցողական եռամսեայ դասընթացք մը՝ շաբաթական 8 ժամուան դրութեամբ, 12 շաբաթներու վրայ երկարող։
««Կուկըլ» պիտի հետեւի եւ պիտի մարզէ զանազան մասնաճիւղերէ 100 ՀՄԸՄական անդամներ եւ պաշտօնեաներ՝ գործածելու համար իր համացանցային ծրագիրները, ինչպէս նաեւ յատուկ ուսուցողական դասընթացք մը պիտի տրամադրէ 3 ՀՄԸՄական համացանցային պատասխանատուներու, որոնց պիտի փոխանցուի «Կուկըլ»ի զանազան ծրագիրներու (ինչպէս AdWords, Analytics, You Tube, եւ այլն) մասնագիտական գործածութեան մանրամասնութիւնները», իր կարգին փոխանցեց ՀՄԸՄի Արհեստագիտական տեղեկատուութեանց յանձնախումբի ատենապետ Վիգէն Աբէլեան։
«Սոյն համաձայնութիւնը դրական փոփոխութիւններ պիտի յառաջացնէ եւ բանալին պիտի ըլլայ ՀՄԸՄի կամաւոր աշխատանքային ձեւը զարգացնելու դէպի համաշխարհային մասնագիտացած ձեւ», հաստատեց ՀՄԸՄի Ռազմավարական ծրագրաւորումի գործադիր յանձնախումբի ատենապետ Արմէն Աբրահամեան։
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար, կարելի է կապուիլ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Ռազմավարական ծրագրաւորումի ներկայացուցիչ Վիգէն Դաւթեանին կամ office@homenetmen.org հասցէին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.