
ՊՈԼԻՍ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Հինգշաբթի, Յունուար 9ին, Պոլսոյ մէջ բուռն բախումներ տեղի ունեցան քաղաքի ոստիկանութեան եւ հարիւրաւոր ցուցարարներու միջեւ, որոնք հաւաքուած էին նշելու Փարիզի մէջ մէկ տարի առաջ սպաննուած երեք քիւրտ կին գործիչներուն յիշատակը:
500-600 քիւրտ ցուցարարներ, ներառեալ շարք մը երեսփոխաններ, Պոլսոյ «Կալաթասարայ» դպրոցին առջեւ հաւաքուած էին՝ բացագանչելով «Արդարութիւն կ՛ուզենք» կարգախօսը: Քիւրտ գործիչներու սպանութեան դրդապատճառները եւ անոր պատասխանատուները տակաւին անյայտ կը մնան:
Նշենք, որ Յունուար 9, 2013ին Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հիմնադիրներէն Սաքինէ Ճանսըզ, ինչպէս նաեւ քիւրտ գործիչներ Ֆիտան Տողան եւ Լէյլա Սէօյլեմեզ Փարիզի քրտական կեդրոնին մէջ սպաննուեցան: