ՄՈՍԿՈՒԱ.- «Ռիա Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը՝ կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած է Իրանի հիւլէական թղթածրարին վերաբերող հարցեր եւ Սուրիոյ հարցով «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին պատրաստուելու հարցը: «Քննարկուած են տարբեր մարզերու մէջ համագործակցութեան զարգացման առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ արդի միջազգային խնդիրներ», նշուած է Քրեմլինի հաղորդագրութեան մէջ: Սուրիոյ վերաբերեալ միջազգային խորհրդաժողովը նախատեսուած է կայացնել Յունուար 22ին, Զուիցերիոյ Մոնթրէօ քաղաքին մէջ: Իրանի մասնակցութեան վերաբերեալ տակաւին վերջնական որոշում չէ տրուած:
Միւս կողմէ, «Իթար-Թասս» հաղորդեց, որ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտարարած է, թէ Իրանի հիւլէական հարցին շուրջ բանակցութիւնները արդէն ապացուցած են Իրանի, իրանցիներու, իսլամական կրօնի եւ իսլամներու նկատմամբ Ամերիկայի թշնամական վերաբերմունքը: Իրանեան «Փրէս Թի.Վի.» կայանը հաղորդեց, որ Խամենէի նաեւ նշած է. «Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը աշխարհի մէջ մարդկային իրաւունքներ ոտնահարող մեծագոյն կառավարութիւնն է: Ամերիկացիները մարդկային իրաւանց մասին խօսելու իրաւունք չունին»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.