ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Լիթուանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը բացայայտած է, թէ Միացեալ Նահանգներու օդուժին պատկանող օդանաւեր սկսած են Պալթեան երկիրներու օդային տարածքին մէջ ապահովական իրենց նոր առաքելութեան:
Նշեալ առաքելութեան մասնակից ամերիկեան ուժը կազմուած է աւելի քան 150 զինուորներէ, ներառեալ օդաչուներ, բժշկական անձնակազմ եւ հաղորդակցութեան մասնագէտներ:
Ամերիկեան օդուժին պատկանող «Էֆ. 15» կործանիչները տեղակայուած են Լիթուանիոյ օդուժի օդակայանին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.