ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ աւագ դատախազութեան նախկին տեղակալ դատախազ Զեքերիյա Էօզ, որ Դեկտեմբեր 17ին կառավարութեան որոշ նախարարներու, անոնց զաւակներուն ու այլ պաշտօնատարներու դէմ բացած էր ապօրինութիւններու ու կաշառակերութեան հարցաքննութիւնը եւ այդ իսկ պատճառով պաշտօնանկ եղած էր, Չորեքշաբթի, Յունուար 8ին երկարաշունչ ինքնապաշտպանութիւն մը հրատարակեց ու այս կերպով նոր մարտահրաւէր ուղղեց կառավարութեան, մասնաւորաբար՝ վարչապետ Էրտողանի հասցէին։
Ինքնապաշտպանութեան ամէնէն կարեւոր պնդումն այն էր, որ վարչապետը երկու յայտնի անձնաւորութիւններ ուղարկած է իրեն ու անոնց միջոցաւ սպառնալիքներ ըրած։ Այդ անձնաւորութիւնները Էօզին ըսած են, որ ինք «ծանր վնաս պիտի կրէ», եթէ անմիջապէս չդադրեցնէ հարցաքննութիւնները, ու պահանջած են, որ ան ներողութիւն խնդրէ զայրացած վարչապետէն:
Էօզ այս լուսաբանութիւնը հրապարակեց Դատախազներու ու դատաւորներու միութեան արտօնութիւնը ստանալէ ետք եւ անգամ մը եւս յիշեցուց, որ, ինչպէս պատահած էր «Էրկենեքոն»ի հարցաքննութեան առաջին օրերուն, այսօր եւս ինք շարունակ մահուան սպառնալիքներ կը ստանայ: Ան շեշտեց, որ եթէ իրեն դէմ որեւէ ոճիր կատարուի, ապա պատասխանատուն կառավարութիւնը պիտի ըլլայ։
Վարչապետ Էրտողան անմիջապէս հերքեց Էօզի ըսածները ու պնդեց, որ բոլորն ալ յերիւրածոյ են։
Էրտողան, որ Սինկափուր կը գտնուէր այդ միջոցին, լրագրողներու այս մասին հարցումներուն պատասխանելով՝ ըսաւ, որ ասոնք զրպարտութիւններ են:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.