ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի, 19 Դեկտեմբերի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց «Գարակէօզեան հիմնարկութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանը:
Տնօրէնը լայն տեղեկութիւններ տուաւ վեհափառին հիմնարկութեան ներկայ գործունէութեան մասին, յատկապէս շեշտելով սուրիահայ ընտանիքներու գծով կատարուած ծառայութիւնը:
Տնօրէնին տուած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ Լիբանան հաստատուած 1350 սուրիահայ ընտանիքներ արձանագրուած են իրենց մօտ եւ «Գարակէօզեան» հիմարկութիւնը կը փորձէ զանազան ձեւերով օգտակար հանդիսանալ անոնց:
Կաթողիկոսը լսելէ ետք տրուած զեկոյցը, իր գնահատանքը յայտնեց «Գարակէօզեան» հիմնարկութեան ու նաեւ այն բոլոր բարեսիրական կառոյցներուն, որո-նք իրենց կարելին կը կատարեն օժանդակելու սուրիահայ մեր զաւակներուն: «Սուրիոյ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն օժանդակութիւնը պէտք է մեր ազգին համար դառնայ առաջնահերթութիւն՝ ո՛չ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ մեր բոլոր գաղութներուն մէջ: Վերջին երկու տարիներուն ընթացքին հսկայ դժուարութիւններու դիմաց կը գտնուի սուրիահայութիւնը. հետեւաբար, վերանորոգ թափով պէտք է շարունակել մեր օժանդակութիւնը սուրիահայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն», շեշտեց Արամ Ա. կաթողիկոս:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.