
ԵՐԵՒԱՆ.– Կառավարութիւնը որոշած է ազատ տնտեսական գօտիին մէջ «թապլեթ»ներու կազմութեան աշխատանք տանիլ։ Կառավարութենէն փոխանցուած է, որ հիմք ընդունելով «Թեքնոլոճի էնտ սայընս տայնեմիքս» ընկերութեան կողմէ «Ալեանս» ազատ տնտեսական գօտիի օգտագործման թոյլտուութիւն ստանալու համար ներկայացուած դիմումը, ինչպէս նաեւ Ազատ տնտեսական գօտիին մէջ շահագործողներու թոյլտուութեան տրամադրման գծով մնայուն կերպով գործող միջգերատեսչական յանձնաժողովի եզրակացութիւնը, կառավարութիւնը որոշած է նշուած ընկերութեան «ՌԱՕ Մարս» տարածքին մէջ արտօնութիւն տալ՝ «թապլեթ»ներու հաւաքման եւ ծրագրաւորման գործունէութիւն կատարելու համար:
Կառավարութեան կողմէ այս մասին տարածուած յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Ընկերութիւնը նախատեսում է համագործակցութիւն հաստատել պլանշետների արտադրութեան ամերիկեան Minno գրասենեակի հետ, որը կը ստանայ Հայաստանի կազմակերպութեան թողարկած բոլոր պլանշետները եւ կը զբաղուի դրանց իրացմամբ եւ առաքմամբ: Գործունէութեան երեք տարուայ ընթացքում արտադրութեան ծաւալը 10 հազար պլանշետից (tablet) կը հասցնի 50 հազարի, միաւորի գինը կը լինի 180 ԱՄՆ դոլար, ինքնարժէքը՝ 135 ԱՄՆ դոլար: Առաջին տարում արտադրութիւն կը ներդրուի 1 մլն. 350 հազար ԱՄՆ դոլար, երրորդ տարում՝ 6 մլն. 750 հազար ԱՄՆ դոլար: Բացի ներդրում ներգրաւելուց ազատ տնտեսական գօտու շահագործումը հնարաւորութիւն կը տայ խթանել բարձր եւ տեղեկատուական տեխնոլոգիաների ոլորտում ստեղծուած արդիւնքի արտահանումը, նպաստել տուեալ հատուածում հայկական բրենդի ճանաչմանն ու տարածմանը»։