ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Որոշ բառերու միշտ ժխտականները աւելի գործածական կ՛ըլլան տուեալ լեզուի մէջ, իսկ անոնց դրականները հազուադէպ կ՛օգտագործուին: Այդ բառերէն մէկն է պիտանութիւնը մեր լեզուին մէջ, որուն միշտ ժխտական իմաստը աւելի տարածում գտած է՝ անպիտան, անպիտանութիւն, անպիտանին մէկն է, եւ նման մերժողական, բողոքարկու եւ վարկաբեկիչ արտայայտութիւն իբրեւ օգտագործուելով:
Յիսուսի մտածողութեան մէջ «անպիտան» բառը շատ դրական իմաստով՝ իբրեւ պարտաճանաչութեան, խոնարհութեան ու Աստուծոյ նկատմամբ համեստութեան ցուցանիշ օգտագործուած է:
Իր խօսած առակներէն մէկուն եզրափակիչ նախադասութեան մէջ այս բառը օգտագործած է Ան: Ենթադրենք, կ՛ըսէ, թէ մէկը ծառայ ունի: Այդ ծառան երբ դաշտի աշխատանքէն վերադառնայ, իր տէրը ի՞նչ պէտք է ընէ: Պիտի ըսէ անոր, թէ գնա՛ եւ ճա՞շդ կեր, թէ պիտի ըսէ՝ իմ ընթրիքս պատրաստէ եւ գօտիդ կապելով ինծի սպասարկէ ու ապա կրնաս դուն ալ ճաշել: Դեռ, Յիսուս կ՛աւելցնէ՝ ըսելով. «Կը կարծէ՞ք, թէ տէրը երախտապարտ պէտք է ըլլայ ծառային այս սպասարկութեան համար: Ուստի, դուք ալ, ինչ որ ընէք, միշտ ըսէք. «Անպիտան ծառաներ ենք, ինչ որ պարտաւոր էինք ընել՝ կատարեցինք»», կ՛ըսէ Ան (Հմմտ Ղկ 17.7-10):
Այստեղ «անպիտան» բառը իր ժխտական արտայայտութեան մէջ իսկ շա՜տ դրական իմաստ ունի ու կը ներկայացնէ ծայրագոյն աստիճանի խոնարհութեան պատկեր:
Մարդկային տարիքը ունի նաեւ այն ուժը, որով ան կրնայ պարտութեան մատնել ենթական: Հոգեբանական քննութիւններ ցարդ ցոյց տուած են տարիքի մէջ յառաջացող անձերու հոգեկան տագնապներն ու կրած դժուարութիւնները: Մէկ կողմէ արտաքնապէս՝ ֆիզիքականին կրած փոփոխութիւնները, միւս կողմէ կարողութեանց սահմանափակումները ենթակային մէջ, կրնան «անպիտանութեան» զգացում յառաջացնել: Շա՜տ տարեցներու հանդիպած եմ, որոնք ցաւով յայտնած են, թէ այլեւս ո՛չ ոք կարեւորութիւն կու տայ իրենց:
Մինչեւ 30 տարեկան «մեծնալ» փափաքող երիտասարդը, երբ յանկարծ տեսնէ իրենց 20ներուն մէջ եղող ժիր ու կայտառ երիտասարդները, կ՛ափսոսայ իր «շուտ ծնած ըլլալ»ուն: Մանաւանդ մարզական կեանքի ասպարէզին մէջ այս երեւոյթը շատ ցցուն պատկերով կը ներկայանայ: Մարզական ասպարէզը խիստ կանոններով կը սահմանէ տարիքային օրէնքները: Ուստի, նոյնիսկ առոյգ ու կայտառ համարուող մարզիկը, եթէ անցուցած է պահանջուած տարիքը, իր մասնագիտութեան մէջ շահած ամբողջ վաստակն ու համբաւը պիտի չ՛օգնեն իրեն, մնալու նոյն ասպարէզին մէջ:
Մարդու հոգեկան խռովքը արտայայտող գրութեանց՝ բանաստեղծութեան թէ արձակի մէջ կարելի է հանդիպիլ տարիքային անցումի այս ապրումներուն: Մեր աշուղական երգերուն մէջ շատ կը հանդիպինք կեանքի արժէքը նկարագրող տողերու: Վերջապէս աշուղները որոշ իմաստով բարոյական դաստիարակներ էին, որոնք երկիրէ երկիր ու քաղաքէ քաղաք շրջելով եւ տարբեր մարդոց կեանքը ուսումնասիրելով, առանց վկայականի դասախօսներ կը դառնային: Անոնց ուսման աղբիւրը ժողովուրդն էր իր կեանքով: Ինչքա՛ն աւելի ժողովրդային կեանքի դժուարութիւններուն հաղորդուէին, այնքան աւելի մասնագիտութիւն ձեռք կը բերէին:
Աշուղ æիւանին այդ ինքնուս բարոյական դաստիարակներէն մէկն է, որուն «Սպիտակ Մազեր» խորագրուած երգը, տարիքային յառաջացման «ողբ»ը կը հիւսէ. «Գոյներդ փոփոխուեց եղաք սրտահար՝ աշնան վարդի նման, սպիտակ մազեր: Ձեր դուրս գալու տեղն իմ հոգին դուրս գար, չ՛ընկնէի այս օրուան… Կանայք երես են դարձնում ձեզանից, ձեզ տեսնելով չե՛ն ախորժում ինձանից… աշխոյժ երիտասարդների շրջանից զրկեցիք անպիտա՛ն սպիտակ մազեր… æիւանու քնարին մե՛ծ հարուած տուիք, ձեզ տեսնելով ինձ չե՛ն կանչում հարսանիք: Իմ գործին ահագին վնաս հասցրիք, ձախորդութեա՛ն նշան՝ սպիտակ մազեր…»:
Կեանքի փիլիսոփայութեան վերաբերող առաջին հատուածին յաջորդող այս վերջին հատուածը, ուր իր ասպարէզին տրուած հարուածը կը ներկայացնէ æիւանին, տարիքի յառաջացման բերումով իր գլխուն եկած ձախորդութիւնը կը պատմէ ցաւով: Այսինքն թէեւ կ՛անդրադառնայ, թէ ինչքա՛ն փորձառութեամբ հարուստ է իր երգապաշարը, որքա՛ն կարեւոր է իր ներդրումը, սակայն տարիքը չի՛ թոյլատրեր, որ ժողովրդային ամէնէն ճոխ հաւաքներուն՝ հարսանիքներու հրաւիրուի, յառաջացած տարիքի բերումով: Երիտասարդները բնականաբար իրենց նման երիտասարդ երգիչ պիտի նախընտրէին, որ գար ու ճոխացնէր իրենց հաւաքոյթը:
Այսօր, գրեթէ ամէն կալուածէ ներս, նոյնն է պարագան: Գործարանատէրը երիտասարդ բանուորներ կը պահանջէ: Երբեմն մամուլի մէջ տպուող ծանուցումները տարիքային սահմանափակումներն ալ կը նշեն, ըսելով թէ տուեալ գործի համար նկատի առնուած թեկնածուին տարիքը 20-30ի միջեւ պէտք է ըլլայ: Պէտք է երեւակայել 30ը անցած եւ այդ գործին մասնագիտացած մարդուն զգացումները, այդ ծանուցումը կարդալէ ետք: Մանաւանդ, որ յիշեալ ծանուցումներուն մէջ, առհասարակ քանի մը տարուան փորձառութիւն ալ կը պահանջուի երբեմն: Ուրեմն, բոլորին ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ ընդհանրապէս երիտասարդ ու փորձառու անձերու վրայ: Տարօրինակ չէ՛ այս երեւոյթը, որովհետեւ ուսեալ, կրթուած ու մասնագիտութեան հետեւող երիտասարդութեան թիւը երթալով աճ կ՛արձանագրէ այսօրուան աշխարհէն ներս, գրեթէ բոլոր խաւերուն մէջ:
Անպիտանութեան բարդոյթը եթէ վերցուի մարդկային հոգիէն, նոր սերունդին դերակատարութիւնը աւելիով պիտի ի յայտ գայ: Միւս կողմէ, սակայն, երիտասարդ սերունդին փորձառութեան պակասը պէտք է լրացուի աւագ սերունդի հայրական մօտեցումով: Անոնց պիտանութիւնը ճիշդ ա՛յս մօտեցումով պէտք է արժեւորուի: Յարգանքը նոր սերունդին կողմէ լաւագոյն միջոցներէն մէկն է, հին սերունդին պիտանութիւնը շեշտելու: Ի՞նչ կը սպասէ տարեց մարդը երիտասարդէն, եթէ ոչ՝ միայն յարգանք:
Տեսնուած է, որ տարեց ծնողներ մինչեւ իրենց վերջին շունչը որոշ գումարի ապահովութիւն վերապահած կ՛ըլլան իրենց համար: Նոյնպէս ըրած էր ինծի ծանօթ ալեփառ ծերունին, եւ իմ հարցումին, թէ ի՞նչ պէտք ունիս այդ գումարին, երբ զաւակներդ միշտ քեզի հետ են ու երբեք չե՛ն լքեր քեզ, ան պատասխանեց՝ ըսելով. «Որպէսզի ոեւէ մէկուն ձեռք չբանամ ու անոնց կարօտ չմնամ»:
Ծանօթ այլ տարեց բարեկամի տարեդարձին առիթով, երբ երկար կեանք կը մաղթէի, զարմացուց ինձ իր պատասխանով.
_ Երկար կեանք մի՛ մաղթեր ինծի, ըսաւ ան, այլ՝ ուրիշին պիտանի ըլլալու չափ կեանք: Այո՛, եթէ մարդ իր նմանին օգտակար ըլլալու կարողութիւնը պիտի չունենայ այս կեանքի մէջ, ի՞նչ կ՛արժէ ապրիլը ուրեմն: Առանձին մնալո՞ւ համար պիտի ապրի մարդ, ինք իրեն փառաւորելո՞ւ համար պիտի ապրի, կամ՝ անկողնին գամուելով ուրիշին բե՞ռ ըլլալու համար պիտի ապրի: Սակայն, սա մարդկային բարի ցանկութիւն է, եւ ճիշդ պիտի չըլլար աղաչել Աստուծոյ, որ անկարողութեան կամ «անպիտանի»ութեան պարագային մեր հոգին առնէ: Կեանքի տէրը Աստուած ի՛նք է: Կը բաւէ միայն, որ մենք բարի կամք դրսեւորենք, մեր առողջ կամ հիւանդ օրերուն ուրիշին պիտանի ըլլալու համար:
Անպիտանութեան դիմաց պիտանութիւնը մեծ շնորհք է Աստուծմէ տրուած մարդուն: Իսկ զայն արժեւորելու կամքը ամբողջութեամբ մարդ արարածին ձեռքին մէջ կը գտնուի: Պիտանի մարդուն արժէքը շա՛տ բարձր է ե՛ւ Աստուծոյ, ե՛ւ մարդոց մօտ: