
ՀԱՅԼԵՆՏ.- Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 18 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Հայլենտ քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճոտի Սքաթի կողմէ Դեկտեմբեր 10ին տեղի ունեցած Հայլենտի եւ Արցախի Բերձոր քաղաքներուն միջեւ ստորագրուած քոյր քաղաքներու համաձայնագիրին առնչուող բանաձեւը բեկանելու փորձը, որ կատարուած էր Պաքուի ճնշումներուն տակ, ձախողած է՝ շնորհիւ քաղաքապետի պաշտօնակատար Լերի ՄըքՔելընի ու քաղաքապետական խորհուրդի մնացեալ անդամներու ջանքերուն:
«Օտար կառավարութեան գործակալները, այս պարագային՝ Լոս Անճելըսի մօտ Ատրպէյճանի հիւպատոսը, իրաւունք չունին միջամուխ ըլլալու Միացեալ Նահանգներու տեղական կառավարման մարմիններու գործերուն: Մեր ժողովրդավար երկիրին վրայ իր ազդեցութիւնը բանեցնելու ատրպէյճանցի հիւպատոսին փորձերը պարզապէս անընդունելի են եւ ցաւալի է, որ որոշ պաշտօնատարներ տեղի կու տան այդ ճնշումներուն դիմաց: Բարեբախտաբար, ժողովրդավարական սկզբունքները դարձեալ յաղթական դուրս եկան ու շրջանին մէջ մեր համակիրները կրցան իրականութիւնը բացատրել քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն, որոնք վերահաստատեցին Բերձորի հետ քոյր քաղաք դառնալու բանաձեւը, որուն շնորհիւ՝ քաղաքը պիտի կարենայ հարկաւոր օժանդակութիւններ ստանալ, նպաստելու համար իր բարգաւաճման», յայտարարեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու բաժանմունքի վարիչ Թերեզա Երիմեան:
Յիշեցնենք, թէ Քալիֆորնիոյ Սան Պեռնարտինօ գաւառին մէջ գտնուող Հայլենտ քաղաքը այս տարուան Նոյեմբեր 26ին պաշտօնապէս ճանչցած էր Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը, միաժամանակ՝ Բերձորի հետ քոյր քաղաք դառնալու մասին հռչակագիր վաւերացնելով: Այս քայլերէն առաջ, քաղաքապետ ՄըքՔելըն Արցախ այցեցած էր՝ ականատես դառնալով ժողովրդավարութիւն հաստատելու արցախցիներու աշխատանքին:
Յատկանշական է նաեւ, որ Դեկտեմբեր 10ին քոյր քաղաքներու բանաձեւը ջնջելու առաջարկ ներկայացուցած Ճոտի Սքաթը, Նոյեմբեր 26ին ի նպաստ քուէարկած էր անոր, սակայն Նոյեմբեր 27ին, Ատրպէյճանի հիւպատոսարանը նամակով մը դատապարած էր քաղաքապետական խորհուրդին նշեալ քայլերը, որմէ ետք ատրպէյճանական կազմակերպութիւն մը ու ատրպէյճանցիներ եւս բողոքի նամակներ ղրկած էին՝ Արցախի եւ Բերձորի պատմութիւնը խեղաթիւրել փորձելով:
Ասոր զուգահեռ, Հայ Դատի յանձնախումբը արշաւ մը սկսած էր, որպէսզի կարելի ըլլայ Հայլենտի քաղաքապետական խորհուրդին վրայ բանեցուող այս անարդար ճնշումին հակադարձել:
Հայլենտի քաղաքապետական խորհուրդը դարձեալ յոյս յայտնած է, որ այս համաձայնութեան շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ սերտ յարաբերութիւններ հաստատել քաղաքին ու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանի Բերձոր քաղաքին միջեւ:
Քաղաքապետական խորհուրդին վաւերացուցած հռչակագիրով, Հայլենտ քաղաքը յայտարարած էր, թէ պաշտօնապէս կը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ կոչ կ՛ընէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին եւ նախագահին, որ աջակցին Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին ու անոր ժողովրդավար անկախութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ Արցախը ներգրաւել միջազգային հանրութեան կառուցողական ջանքերուն մէջ՝ հասնելու համար ռազմավարական կարեւոր այդ տարածաշրջանէն ներս կայունութեան հաստատման եւ հակամարտութեան արդար ու երկարատեւ լուծման:
Այս տարուան Ապրիլ 10ին, Միացեալ Նահանգներու Մէյն նահանգը եւս ճանչցած էր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը, իսկ Ապրիլ 23ին, Քալիֆորնիոյ Ֆրեզնօ գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդը ճանչցած էր Արցախի անկախութիւնը՝ հանդիսանալով Քալիֆորնիոյ առաջին գաւառը, որ պաշտօնապէս կը ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը: Գաւառը նաեւ կոչ ըրած էր Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմիններուն, որ նմանապէս ճանչնան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը:
2012ի Օգոստոս 6ին, Արցախի անկախութիւնը ճանչցած էր նաեւ Մեսեչուսեցի նահանգային խորհրդարանը: