ԵՐԵՒԱՆ, «Ակուն».- Թուրքիոյ մէջ պիտի սկսի Ընկերվար յեղափոխական բանուորական կուսակցութեան կողմէ կազմակերպուող ու «Պաշտօնական պատմագրութեան հետ առերեսում» նիւթով սեմինարներու շարք մը:
Թրքական «Պիանեթ» լրատուական գործակալութեան համաձայն՝ այս տարուան Դեկտեմբերէն մինչեւ յառաջիկայ Փետրուար շարունակուելիք սոյն ծրագիրին մեկնարկը պիտի կատարուի Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 20ին, Նեւզաթ Օնարանի «Լքեալ գոյքը. Հայերու եւ յոյներու ունեցուածքի թրքացումը» նիւթով:
Սեմինարները նպատակ ունին պատմութեան հետ առերեսուելով՝ ժողովրդավարական ապագայ կառուցել, եւ պաշտօնական թէզերէն այն կողմ ներթափանցելով՝ խօսիլ այն մասին, թէ իրականութեան մէջ ի՛նչ տեղի ունեցած է:
Երկու շաբաթ անգամ մը իրականացուելիք սեմինարներուն մուտքը ազատ պիտի ըլլայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.