ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 16ին, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ նամակ մը յղած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային՝ խնդրելով անկէ, որ Հայկական Ցեղասպանութենէն փրկուած ու Լիբանանի Ղազիր գիւղի որբանոցին մէջ ապաստանած որբերուն գործած եւ ապա Սպիտակ տան նուիրուած գորգը տրամադրուի՝ Քոնկրեսի շէնքին մէջ իր կողմէ կազմակերպուելիք ձեռնարկի մը ընթացքին ցուցադրելու համար:
Շիֆ նամակին մէջ շեշտած է, թէ ցուցահանդէսին ընթացքին գորգը մօտէն տեսնելու առիթ պիտի ունենան Ցեղասպանութենէն վերապրողներ, պատմագէտներ, ամերիկահայ համայնքի ներկայացուցիչներ եւ քոնկրեսականներ՝ աւելցնելով, որ նման ցուցադրութիւն նաեւ առիթ մը պիտի ըլլայ լուսարձակի տակ առնելու ամերիկեան կառավարութեան տրամադրած օժանդակութիւնները՝ 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան ենթարկուած հայութեան:
Նշենք, որ Սպիտակ տունը մերժած էր գորգը «Սմիթսոնիըն» թանգարանին մէջ ցուցադրելու դիմումը եւ Շիֆ եղած էր մէկը անոնցմէ, որոնք գորգը այդ թանգարանին մէջ ցուցադրելու դիմում կատարած էին կառավարութեան:
Իր նամակին մէջ Շիֆ ցաւ կը յայտնէ, թէ ամերիկացիներուն մեծ մասը, ներառեալ՝ մեծ թիւով քոնկրեսականներ, Ցեղասպանութեան զոհ գացած հայութեան տրամադրուած ամերիկեան օ-ժանդակութեանց ծաւալին ու տարողութեան մասին բաւարար տեղեկութիւն չունին, եւ կ՛աւելցնէ, թէ նշեալ գորգը «կը մարմնաւորէ Ցեղասպանութեան ողբերգութիւնն ու հայ ժողովուրդին վերածնունդը»:
Յոյս յայտնելով, որ Սպիտակ տունը դրական պատասխան մը կու տայ իր այս դիմումին՝ Շիֆ գրած է, թէ ցուցահանդէսը կարելի է իրականացնել յառաջիկայ Յունուար կամ Փետրուար ամիսներուն ընթացքին:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց Շիֆի այս դիմումը՝ նշելով, որ այս մասին արդէն արտայայտուած էր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկին ընթացքին: Ան աւելցուց, թէ Ցեղասպանութեան որբերու գորգին նուիրուած քոնկրեսական նման ցուցահանդէս մը լոյս պիտի սփռէ արուեստի այս գործի պատմութեան վրայ՝ «միաժամանակ բացայայտելով պատմական նման իրադրութիւն մը ուրանալու վտանգները եւ այդ սուղ գինը, զոր մենք բոլորս կը վճարենք՝ իր ոճիրներու պատասխանատուութենէն խուսափելու նպատակով Անգարայի տարած արշաւին մեղսակից դառնալու մեր կառավարութեան քայլերուն համար»:
Քոնկրեսական Շիֆի նամակը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ՝ այցելելով http://asbarez.com/117422/schiff-requests-orphan-rug-from-white-house-for-capitol-hill-event կայքջը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.