ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12ին կը հաղորդէ, թէ Կինիի մէջ կայացած է Իսլամական համագործակցութիւն կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդին 40րդ նիստը, որուն մասնակցած են կազմակերպութեան անդամ 57 երկիրներու ներկայացուցիչները: Խորհուրդը հերթական անգամ վերհաստատած է իր դիրքորոշումը՝ Խոջալուի դէպքերը նկատելով «մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն»:
Նշենք, որ կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողովը եւ անդամ երկիրներու ղեկավարներու գերաստիճանը նման բանաձեւեր վաւերացուցած են:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.