ՄՈՍԿՈՒԱ.- «Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ վարչապետ Նիքոլայ Ազարով յայտարարած է, որ Դեկտեմբեր 17ին նախատեսուած ռուս-ուքրանական միջպետական նիստին ընթացքին Մաքսային միութեան անդամակցութեան հարցը պիտի չքննարկուի: «Մաքսային միութեան հարցով որեւէ խօսակցութիւն պիտի չըլլայ. կառավարութիւնը այս գծով ոչ մէկ փաստաթուղթ պիտի պատրաստէ», յայտարարած է վարչապետը՝ փորձելով մեղմացնել Եւրոմիութենէն հեռանալու եւ Ռուսիոյ մերձենալու միտող կառավարութեան քայլերուն նկատմամբ ընդդիմութեան զայրոյթը:
Որոշ լրատուամիջոցներ հաղորդած էին, որ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ նախագահները Դեկտեմբեր 7ին, Սոչիի մէջ կայացած հանդիպումի մը ընթացքին քննած են Ուքրանիան Մաքսային միութեան անդամ դարձնելու հարցը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.