Թուրք մամուլէն կը տեղեկանանք, թէ Պոլսոյ՝ երբեմնի ֆրանսական թեքումով, հանրածանօթ Կալաթասարայ լիսէին մէջ ուսանիլը այսուհետեւ երազ մը կը դառնայ հայ եւ հրեայ (Պոլսոյ մէջ մնացած՝ ոչ-մահմետական գլխաւոր երկու փոքրամասնութիւնները) աշակերտութեան համար: Պատճառը մուտքի քննութեանց մէջ կրօնական՝ իսլամութեան, վերաբերող հարցումներու ներգրաւումն է: Արդէն, առաջին փորձառութիւն մը տեղի ունեցած է, եւ վերջերս տեղի ունեցած քննութիւններուն կրօնական խորքով հարցումները մեծ անհաւասարութիւններ ստեղծած են մահմետական եւ ոչ մահմետական թեկնածուներուն միջեւ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.