Քոնկրեսական Ճոզէֆ Քենետի (դեմոկրատ, Մեսեչուսեց) միացած է Քոնկրեսի «Հայոց Ցեղասպանութեան ճշմարտութեան եւ արդարութեան մասին» թիւ 227 բանաձեւի սատարողներու խումբին:
Օրինագիծը կոչ կ՛ընէ վերջ դնելու Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան ԱՄՆի մեղսակցութեան եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ Թուրքիոյ դեռեւս անպատժելի ոճիրին տալ արդարացի գնահատական:
Հայ Դատի Մեսեչուսեցի գործիչներ Կրեկ Քանարեան եւ Ճան Տաղլեան հանդիպում ունեցած են քոնկրեսական Քենետիի հետ՝ արծարծելով հարցերու լայն շրջանակ մը:
Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունած է հայկական հարցերուն քոնկրեսականի հետեւողական աջակցութիւնը, յստակ դիրքորոշումը թիւ 227 բանաձեւին, հայ որբերու գորգին, Թուրքիոյ մէջ հայկական եկեղեցիներու ճակատագիրին, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին, հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու նկատմամբ: «Հաւատարիմ իր ընտանիքի աւանդոյթներուն՝ ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Քենետին իր նկատմամբ երախտիքի, գոհունակութեան զգացողութիւն կ՛առաջացնէ հայկական հարցերու նկատմամբ ընդգծուած աջակցութեան ու ջանքերուն համար: Մենք պատրաստ ենք շարունակելու սերտ համագործակցութիւնը քոնկրեսական Քենետիի հետ՝ օժանդակելու անոր հայանպաստ գործունէութեան», ըսած է ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբի ազգային եւ տարածաշրջանային առաջնորդ Սթիւ Մեսրոպեան:
Քոնկրեսի թիւ 227 բանաձեւը ունի շուրջ չորս տասնեակ աջակից: Քոնկրեսի Արտաքին քաղաքականութեան եւ յատկացումներու յանձնաժողովներու առաջատար քոնկրեսականներ իրենց աջակցութիւնը յայտնած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունման: Անիկա 2013 թուականի Մայիսին Քոնկրես ներկայացուցած են քոնկրեսականներ Տէյվիտ Վալատօ (հանրապետական, Քալիֆորնիա), Էտըմ Շիֆ (դեմոկրատ, Քալիֆորնիա), Մայքըլ Քրիմմը (հանրապետական, Նիւ Եորք) եւ Ֆրենք Փալոն (դեմոկրատ, Նիւ Ճըրզի):
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.