ԳԱՒԱՌ, «Արմէնփրէս».– Գաւառի «Օրհուսի բնապահպանական տեղեկատուական կենտրոն»ի տուեալներով, Սեւանայ լիճին մակերեսը 2013 թուականի Դեկտեմբեր 9ի դրութեամբ կը գտնուի ծովու մակերեւոյթէն 1900 մեթր 20 սանթիմեթր բարձրութեան վրայ, ինչ որ 9 սանթիմեթրով աւելի է նախորդ տարուան նոյն օրուան թիւէն:
Ըստ «Արմէնփրէս»ին, թէեւ վերջին երկու օրերուն Գեղարքունիքի մարզին մէջ արձանագրուած է մինչեւ 20 աստիճան սառնամանիք, սակայն Սեւանայ լիճի սառցակալում չէ ակնկալուած: Որպէս ատոր առաւել հաւանական ժամկէտ՝ մասնագէտները կը նախատեսեն Յունուար-Մարտ ամիսները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.