ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Եւրոպական ներդրումային դրամատունը 60 միլիոն եուրոյի վարկ կը յատկացնէ՝ Հայաստանի մէջ «Հիւսիս-Հարաւ» ճանապարհային նախագիծի ֆինանսաւորման համար: Այս մասին նշուած է դրամատան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
«Եւրոպական ներդրումային դրամատան միջոցներով կը ֆինանսաւորուի Հայաստանի մէջ առանցքային երթեւեկի միջանցքի այժմէականացումը: Այդ նախագիծը պիտի նպաստէ Հայաստանի մէջ տնտեսական եւ ընկերային զարգացման եւ կը բարելաւէ տարածաշրջանային համարկումը, որ շահաւէտ պիտի ըլլայ ամբողջ տարածաշրջանին համար», յայտնած է դրամատան փոխնախագահ Վիլհելմ Մոլթերիեր:
Նախագիծը հսկայ տարողութիւն ունեցող ծրագիրի մէկ մասն է, որուն նպատակը 556 քմ. երկարութիւն ունեցող «Հիւսիս-Հարաւ» ճանապարհային միջանցքի բարելաւումն է (հայ-վրացական Բաւրայի անցակէտէն մինչեւ Իրանի սահման):
Նախագիծը կը ֆինանսաւորուի Ասիական զարգացման դրամատան եւ Եւրոպական Միութեան հարեւանութեան ներդրումային հիմնադրամին կողմէ:
Նշենք, որ ասիկա Եւրոպական ներդրումային դրամատան կողմէ Հայաստանի մէջ կատարուած 6րդ ներդրումն է, որուն լոյսին տակ Հայաստանի մէջ վարկաւորման պարտաւորութիւնը հասած է 12 միլիոն եուրոյի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.