ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը վերանորոգման նպատակով փակ է ու պիտի վերաբացուի 2015ի Ապրիլ 24ին՝ նոր ցուցադրութեամբ: Դեկտեմբեր 9ին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի փոխտնօրէն Սուրէն Մանուկեանը: Անոր համաձայն՝ վերանորոգման իբրեւ արդիւնք թանգարանի տարածքը պիտի աւելնայ 2.5 անգամով, ինչպէս նաեւ պիտի աւելնայ մէկ յարկ:
«Եթէ այժմ մէկ յարկում է ամփոփուած թանգարանային ողջ հարստութիւնը, ապա 2015ին թանգարան-ինստիտուտը կ՛ունենայ երկրորդ յարկ: Վերանորոգումից յետոյ առաջին ժամանակաւոր ցուցադրութիւնը կը լինի 2014 թուականի Ապրիլին՝ առաջին աշխարհամարտի 100ամեակի կապակցութեամբ: Թանգարանը հիմնական ցուցադրութիւնը կը վերաբացի 2015 թուականի Ապրիլի 24ին՝ բովանդակային ու տեխնիակական նոր յագեցուածութեամբ», յայտնած է Սուրէն Մանուկեան:
Անոր համաձայն, կան կարեւոր դրուագներ, որոնք դուրս մնացած են թանգարանին ուշադրութենէն եւ այժմ փորձ կը կատարուի շեշտը անոնց վրայ դնելու: «Որոշուել է ցուցադրուող նմուշների միջոցով շեշտադրել Հայոց Ցեղասպանութիւնը ոչ միայն իբրեւ բազմահազար հայերի կոտորած, բայց եւ իբրեւ հայկական քաղաքակրթութեան կործանման եւ հայրենիքի կորուստ», նշած է Ս. Մանուկեան՝ աւելցնելով, որ ցուցադրութիւնը պիտի ուղեկցուի նորագոյն թեքնիքի կիրարկումով: «Կը լինեն 3 տի. լուծումներ, պատկերներ, «թաչսքրիններ», որոնք հնարաւորութիւն կ՛ունենան հարիւրապատիկ աւելացնել ցուցադրուող նմոյշների քանակը», յայտնած է թանգարան–հիմնարկի փոխտնօրէնը:
Խօսելով Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գործունէութեան մասին՝ Սուրէն Մանուկեան դիտել տուած է, որ հետագայ կատարելիքներուն մէջ հիմնական են ցեղասպանագիտական կեդրոն դարձնելու նպատակով Հայաստանը համապատասխան նախադրեալներով օժտելը: «Այս տարի առաջին անգամ տպագրուեց ցեղասպանագիտական հանդէս գիտական պարբերականը, որը հայաստանեան գիտական դաշտ մտցրեց ցեղասպանագիտութիւնը որպէս գիտական ճիւղ: Նախատեսւում է Դեկտեմբերին տպագրել եւս մէկ համար, որը կ՛ունենայ նաեւ անգլերէն տարբերակ: Ցեղասպանագիտութիւնը որպէս գիտութիւն արմատաւորելու գործում կարեւոր է նաեւ Երեւանի պետական համալսարանի հետ թանգարան-ինստիտուտ համագործակցութիւնը, ցեղասպանագիտական մագիստրոսական ծրագրի մեկնարկը», նշած է Սուրէն Մանուկեանը: Այս մէկը նաեւ թոյլ պիտի տայ Հայաստանը վերածել համաշխարհային ցեղասպանագիտական կեդրոնի: Այդ առումով Սուրէն Մանուկեան կարեւոր նկատեց նաեւ նշանաւոր ցեղասպանագէտ Իսրայէլ Չարլիի, որ ցեղասպանութեան հանրագիտարանի գլխաւոր խմբագիրն է, անձնական գրադարանի նուիրատուութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին:
«Ամէն երկու տարին մէկ Ցեղասպանագէտների միջազգային ընկերակցութիւնը անցկացնում է կոնգրէս, որը 2015 թուականին կ՛անցկացուի Հայաստանում: Աշխարհի ամենայայտնի 500 ցեղասպանագէտները կը լինեն այստեղ», աւելցուցած է Սուրէն Մանուկեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.