ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի մէջ ադամանդներու արտադրութեան քանակը այս տարուան Յունուար-Հոկտեմբերին՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով աւելցած է 47.8 տոկոսով եւ կազմած 73 հազար 572 քարաթ: Ոսկերչական արտադրութեան քանակը աւելցած է 15.8 տոկոսով եւ հասած է 879.6 քիլոկրամի:
Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներով, նախորդ տարուան Յունուար-Հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ արտադրուած էր 49 հազար 478 քարաթ ադամանդ եւ 759.7 քկ. ոսկերչական արտադրանք: Միայն Հոկտեմբերին արտադրուած է 6 հազար 614 քարաթ ադամանդ եւ 61 քկ. ոսկերչական իրեր:
2008ի տնտեսական ճգնաժամը լուրջ հարուած հասցուցած էր Հայաստանի մէջ ադամանդագործութեան ոլորտին: Եթէ 2000ականներու սկիզբը մինչեւ 300 միլիոն տոլարի ապրանք կ՛արտածուէր, ապա ճգնաժամի տարիներուն հայկական ձեռնարկութիւնները բաւական ծանր վիճակի մէջ էին, եւ արտածումը զգալիօրէն նուազած էր: 2011ին երկիրը ո՛չ միայն կրցած էր շրջանցել ճգնաժամը, այլ նաեւ աւելցած էր արտածման ծաւալը: Այս տարուան Յունուար-Սեպտեմբերին Հայաստանէն արտածուող ադամանդին քանակը աւելցած է 58 տոկոսով եւ կազմած 164 հազար 800 քարաթ, որուն կէսը գնած է Պելճիքան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.