ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– «Թուրքիայի վարչապետ Ահմեդ Դաւութօղլուի ժամանումը Հայաստան պաշտօնական այց չէ, այլ ընդամէնը տարածաշրջանային կազմակերպութեան համաժողով է տեղի ունենալու, որի նախագահութիւնն այս օրերին Հայաստանինն է, եւ նա մասնակցելու է այդ ժողովին»։ «Երկիր»ի հետ ունեցած զրոյցին այս հաստատումը կատարած է ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ ակնկալութիւններ կան Տաւութօղլուի՝ Հայաստան կատարելիք այցելութեան: Ըստ անոր՝ քանի որ ասիկա Հայաստան տրուած այցելութիւն չէ, ուրեմն ոչ մէկ ակնկալութիւն կայ անկէ, եթէ խօսքը կը վերաբերի Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն:
Տաւութօղլուն Հայաստանի մէջ ցոյցերով եւ բողոքի շարժումներու «դիմաւորելու» հարցումին պատասխանելով՝ Կ. Մանոյեան դիտել տուած է, որ Տաւութօղլուն լրիւ անտեսելը ճիշդ չէ։
«Դրա համար էլ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը կազմակերպում է ցոյց՝ յիշեցնելու, որ Թուրքիան տակաւին պարտք ունի Հայաստանին եւ հայ ժողովրդին», հաստատած է Կ. Մանոյեան:
«Երկիր»ի թղթակիցը հարց տուած է, որ Հայաստան ի՛նչ պատգամ պէտք է փոխանցէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին. Մանոյեան ըսած է, որ եթէ պետութեան եւ անոր կողմէ փոխանցուելիք պատգամին մասին է խօսքը՝ ապա այս առիթին սպասելու կարիք չունի անիկա:
«Այս այցը կապ չունի Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնների հետ, դրա համար էլ Հայաստանի իշխանութիւնները մեսիջ չունեն փոխանցելու: Կարծում եմ, որ Հայաստանը քայլեր չունի կատարելու, այլ Թուրքիան քայլեր ունի կատարելու, եւ եթէ այդ քայլերը չկատարի, փաստօրէն բանակցութիւններ չեն լինի: Ամէն դէպքում պէտք է Դաւութօղլուին ինչ-որ բաներ յիշեցնել, բայց ոչ թէ անպայմանօրէն պետութիւնը դա պէտք է անի, այլ հասարակութիւնը», յայտնած է Կիրօ Մանոյեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.