ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Վիճակահանութեամբ զինուորական ծառայութեան վայրեր ընտրելու ձեւի որդեգրումով զգալիօրէն նուազած են կաշառակերութեան հաւանականութիւնները։ 9 Դեկտեմբերին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնական հաւաքակայանին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս հաստատումը կատարած է Հայաստանի զինուած ուժերու Գլխաւոր ղեկավարման մարմինի պետի տեղակալ զօր. Լեւոն Մնացականեանը: Անոր համաձայն, զօրամասի ընտրութիւնը նորակոչիկներուն կողմէ կատարելը աւելի թափանցիկ պիտի դարձնէ զօրակոչման գործընթացը, եւ պիտի բարձրացնէ բանակին հանդէպ վստահութեան մակարդակը: Վիճակահանութեամբ ծառայութեան վայրերու ընտրութեան մասին խօսելով՝ ան յայտնած է. «Դա կտրուկ հարուած է կոռուպցիոն ռիսկերին: Մենք քաջատեղեակ ենք, որ նախորդ զօրակոչերին յայտնուել են մարդիկ, ովքեր աշխատում էին ծնողներին մոլորութեան մէջ գցել, թէ իրենք իբր կարող են որոշակի հարցեր լուծել: Զօրակոչին այս ձեւով անցկացնելով՝ նման դէպքերն իսպառ կը վերանան»։
Անոր համաձայն, վիճակահանութեան մասնակցելու համար նորակոչիկները կը բաժնուին երեք խումբերու՝ ընդհանուր սկզբունքներու, ըստ մասնագիտութիւններու եւ օրէնքով սահմանուած կարգով արտօնութիւններու հիման վրայ: Լեւոն Մնացականեան նշած է, որ 9 Դեկտեմբերի վիճակահանութեան մասնակցած է ընդհանուր զօրակոչի մինչեւ 3 տոկոսը:
Վիճակահանութեան սենեակին մէջ նորակոչիկները յատուկ գոգամաններու մէջ զետեղուած թուղթերէն կ՛ընտրեն հատ մը, որուն վրայ գրուած է զօրամասին թիւը, ուր ան պիտի ծառայէ։ Այս գործողութիւնը կը կատարուի ծնողներուն ներկայութեան՝ ամենայն թափանցիկութեամբ։
Ան նաեւ հերքած է առողջական հարցեր ունեցողները բանակ զօրակոչելու մասին շրջան ընող տեղեկութիւնները։ «Հայաստանի զինուած ուժերի բարձրագոյն ղեկավարութիւնն աշխատում է բացառել առողջական խնդիրներ ունեցող զինակոչիկներին բանակ զօրակոչելու դէպքերը», յայտնած է Լեւոն Մնացականեան:
Ան դիտել տուած է, որ պաշտպանութեան նախարարին հրամանով ստեղծուած է խումբ մը՝ Հասարակական խորհուրդի նախագահին ղեկավարութեամբ: «Եթէ ընթացքում կը լինեն առողջական խնդիրներին վերաբերող բացթողումներ, նորակոչիկները կարող են դիմում ներկայացնել Խորհրդի համապատասխան յանձնաժողովին, որտեղ այն կը քննարկուի, համակողմանի կ՛ուսումնասիրուի եւ համապատասխան որոշում կ՛ընդունուի», նշած է Մնացականեան:
Բժշկական յանձնաժողովի նախագահ Գայիանէ Ղուկասեանը տեղեկացուցած է, որ նորակոչիկները Կեդրոնական հաւաքակայանին մէջ կը պատուաստուին ինը հիւանդութեան դէմ՝ 6 բարձրորակ պատուաստանիւթերով: «Գործընթացն ընթանում է շատ լաւ, բարդութիւններ չենք ունեցել: Յետպատուաստումային ռէակցիաներ, նոյնիսկ՝ միջին ծանրութեան, չենք ունեցել: Թեթեւակի ռէակցիաներ են լինում, որոնք արագ վերացնում ենք», նշած է Ղուկասեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.