ԵՐԵՒԱՆ, «ԱրմինիաՆաու».– Ընդդիմադիր պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուցած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» կոչուող նոր քաղաքական միաւորումը, որուն նպատակը Հայաստանի մէջ իշխանափոխութեան հասնիլն է:
9 Դեկտեմբերին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Փաշինեան ըսած է, որ իրենք Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու անոր խմբակը կը նկատեն երկիրի զարգացման գլխաւոր խոչընդոտը: «Նրանք այլեւս չեն ունենալու այսօրուայ կարգավիճակը», դիտել տուած է ընդդիմադիր գործիչը:
Բացի Նիկոլ Փաշինեանէն, «Քաղաքացիական պայմանագրի» կառավարման խորհուրդին մաս կը կազմեն շարք մը ընդդիմադիր եւ քաղաքացիական գործիչներ, որոնց կարգին՝ Ղարաբաղեան պատերազմի հերոս Սասուն Միքայէլեանը։
Նշենք, որ Նիկոլ Փաշինեան ընդդիմադիր Հայ ազգային կոնգրես (ՀԱԿ) խորհրդարանական խմբակցութեան անդամ էր, սակայն քաղաքական տարաձայնութիւններու պատճառով նախորդ տարի դուրս եկաւ անոր կազմէն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.