ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն՝ Ազգ. Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան մանկամսուրի տնօրէնութիւնը Գոհաբանութեան տօնին առիթով կազմակերպած էր աշակերտական հանդէս մը, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26ի կէսօրին, վարժարանի յարկին տակ։ Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւ վարժարանի բարերարուհի Սաւի Թիւֆէնքեան ներկայ եղան հանդիպումին եւ ապա հիւրընկալուեցան ճաշով։ Սրբազանին կ՛ընկերանային Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեան, Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան, Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան եւ Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեան. ներկայ էր նաեւ Ազգ. վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան, որուն թոռնիկը վարժարանի աշակերտներէն է։
Առաջնորդն ու հոգեւոր հայրերը վարժարանի մուտքին դիմաւորուեցան անձնակազմին եւ աշակերտներուն կողմէ։ Պատրաստուած էր կոկիկ յայտագիր մը, որուն մէկ բաժինը կատարուեցաւ բակին մէջ, իսկ երկրորդ մասը՝ սրահին մէջ։ Աշակերտները երգեցին եւ աղօթեցին։ Սրբազանը մտերմիկ պահ մը անցուց աշակերտներուն հետ, Գոհաբանութեան տօնի խորհուրդով լի։ Աշակերտները իրենց պատրաստած մէկ գծանկարը նուիրեցին առաջնորդին, ապա միասնաբար ճաշակեցին Գոհաբանութեան տօնի յատուկ ճաշերը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.