
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ինչպէս հաղորդած էինք, ամերիկահայ Արման Սերեպրաքեան որոշած էր իր բժշկական ուսումը մէկ տարիով յետաձգել, որպէսզի Հայաստանը Ողիմպիական խաղերուն ներկայացնելու իր երազը կարենայ իրականացնել, Սոչիի (Ռուսիա) մէջ յառաջիկայ Փետրուարին կայանալիք Ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն ընթացքին:
«Ռիա Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը գրէ, թէ Արման Սերեպրաքեան զաւակն է պարսկահայ ծնողքի մը ու հիւսիսային Քալիֆորնիոյ Նովաթօ քաղաքէն է: Ան փոքր տարիքէն մասնակցած է դահոյկի մրցումներու եւ եղած է Քոլորատոյի համալսարանի դահուկարշաւի մրցումի խմբապետը, մինչեւ 2006, երբ պատահեցաւ արկած մը, որուն հետեւանքով ան կորսնցուց Միացեալ Նահանգներու ազգային խումբին մաս կազմելու հաւանականութիւնը:
Նկատի ունենալով, որ Արման Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի զոյգ քաղաքացիութիւն ունի, Հայաստանի դահոյկի դաշնակցութիւնը 2009ին դիմած էր Արմանին, որ քննէ Ողիմպիականին Հայաստանը ներկայացնելու կարելիութիւնը. Արման դրական պատասխան տուած է այս տարուան սկիզբը:
Յիշեցնենք, թէ Արմանի քոյրը՝ Անի Սերեպրաքեանը, Հայաստանը ներկայացուցած էր 2010ին Վանքուվըրի մէջ կայացած Ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն:
Լրատու գործակալութիւնը կը գրէ, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ Հայաստան ունի իր բարձր լեռները, Հայաստան ցարդ այս մարզին մէջ չէ կրցած մետալ մը խլել Ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն, հակառակ անոր, որ իբրեւ անկախ երկիր՝ Հայաստանի մարզիկները կրցած են 12 մետալներ խլել Ամառնային ողիմպիական խաղերուն:
Սերեպրաքեաններուն հայրը՝ տոքթ. Արմէն Սերեպրաքեան, եւս դահուկարշաւի սիրահար է: Ան իր զաւակին հետ նախ Հայաստան պիտի այցելէ ու ապա Սոչի պիտի մեկնին միասին:
Արման կը յայտնէ, թէ մեծ յոյս ունի, որ Հայաստանէն ու Սոչիէն մեծաթիւ հայ համակիրներ պիտի քաջալերեն զինք: Ան կը յայտնէ, թէ նկատի ունենալով, որ դահուկարշաւի մարզաձեւին մէջ հայ հերոսներ չկան, ան հասակ նետած է՝ իբրեւ հերոս ունենալով այլ պարսկահայ մարզիկ մը՝ Անտրէ Աղասին (թենիս), ինչպէս նաեւ ամերիկահայ Ճօ Ալմասեանն ու Քենի Թօփալեանը, որոնք մաս կազմած էին Ձմեռնային ողիմպիական խաղերու Հայաստանի առաջին խումբին, «Պապ սլետ» մարզաձեւին մէջ, 1994ին, Նորվեկիոյ Լիլիհամեր քաղաքին մէջ: