ՊԻԿ ՓԱՅՆԶ.- Ուրբաթ, Նոյեմբեր 22-24 շաբաթավերջին, Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի ուխտերէն աւելի քան 100 անդամներ, ինչպէս նաեւ նորագիրներ, մասնակցեցան ՀԵԴ ճամբարին մէջ կայացած հաւաքին, որուն ընթացքին ներկայացուցեան դաստիարակչականներ, քննարկուեցան շարք մը նիւթեր ու գործադրուեցան զանազան աշխատանքներ՝ կեդրոնանալով հայկական ինքնութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքական գործունէութեան զարկ տալու ջանքերուն վրայ: Նաեւ, տեղի ունեցաւ նորագիրներու երդման արարողութիւն:
«Ո՞վ է ՀԵԴի անդամը», «Ընկերութիւն» եւ այլ նիւթերով ներկայացումներու եւ աշխատանիստերու կողքին, տեղի ունեցաւ նաեւ հայկական պարերու դասընթացք մը՝ առաջնորդութեամբ Թամ Պօզիկեանի:
Կազմակերպական հարցերու աշխատանիստ մը առաջնորդած Սոֆիա Արմէնը կը յայտնէ, թէ քաջալերուած է երիտասարդութեան ցուցաբերած հետաքրքրութեամբ, որ ցոյց կու տայ, թէ երիտասարդութիւնը ոչ միայն պատմութիւն կը պահպանէ, այլեւ կը զարգացնէ զայն, որպէսզի աւելի լաւը փոխանցէ յաջորդ սերունդին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.