ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան Տիգրանակերտի մէջ հրապարակաւ՝ առաջին անգամ ըլլալով արտասանած էր «Քիւրտիստան» անունը, իսկ քրտական շրջանակները այժմ կ՛ուզեն այդ քայլը օգտագործել՝ պաշտօնականացնելու «Քիւրտիստան» անունը։ Սակայն կը թուի, թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը դեռ կողմնակից չէ այս անունը գործածելու քայլին։
Այս տրամադրութեան փաստը եկաւ ուժանիւթի նախարար Թաներ Եըլտըզէն, որ Հիւսիսային Իրաքի Քիւրտիստանի մայրաքաղաք Արպիլի մէջ մերժեց «Քիւրտիստան» անունը գոծածել, հակառակ անոր, որ քիւրտերը այլեւս պաշտօնապէս Քիւրտիստան կը կոչեն հիւսիսային Իրաքը։
Եըլտըզ Արպիլ գացած էր մասնակցելու համար համագումարի մը. հոն, յաճախակի կերպով իր ելոյթներուն մէջ ան «Հիւսիսային Իրաք» անունը գործածեց՝ փոխանակ «Քիւրտիստան» ըսելու: Երբ լրագրողները հարցուցին, թէ ինչո՞ւ ան կը յամառի Քիւրտիստան անունը չտալու կեցուածքին վրայ, մինչ Էրտողանն իսկ գործածած էր այս անունը՝ նախարարը պատասխանեց, որ Թուրքիա նկատի կ՛առնէ Իրաքի կեդրոնական կառավարութեան սահմանադրութիւնն ու գերիշխանութիւնը եւ կը յարգէ Իրաքի հողային ամբողջականութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.