ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
17 Հոկտեմբեր 2013ին, կեանքին հրաժեշտ տուաւ ՀՄԸՄի Լիբանանի ֆութպոլի աստղերէն Աբօ Նէնէճեան, խոր վիշտ պատճառելով իր հարազատներուն եւ ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին:
Եղբօր յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 26 Հոկտեմբեր 2013ին, Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք «Աւետիսեան» սրահը տեղի ունեցաւ յիշատակի հոգեճաշը, որուն ընթացքին հանգուցեալի մտերիմ ընկերները ներկայացուցին անոր անցած ՀՄԸՄական կեանքի ուղին՝ պատմելով անոր մասին գեղեցիկ յուշեր ու հաճելի դրուագներ: Իր խաղընկերներէն Վազգէն Գալայճեան հարազատօրէն ներկայացուց Նէնէճեան մարդն ու մարզիկը: Ելոյթ ունեցան նաեւ իր խաղընկերներէն Հրայր Տէր Թորոսեանն ու Սագօ Սագայեան, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան, Գօգօ Պալեան, տոքթ. Արմէն Կէօնճեան եւ հանգուցեալի որդին՝ Ժագը: Սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուեցան նաեւ եղբօր՝ ֆութպոլիստի փայլուն կեանքն ու արձանագրած յաղթանակները, որոնք ոչ միայն ՀՄԸՄին, այլեւ լիբանանահայութեան պարծանք պատճառած էին:
Աբօ Նէնէճեան պատանեկան տարիքին յատուկ սէր ունեցած էր ֆութպոլի նկատմամբ, որ յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէր: Առաջին քայլերը առած էր «Եփրատ» Պատանեկան միութեան ֆութպոլի խումբին մէջ եւ իր լաւ խաղարկութեամբ ակնյայտ դարձած էր: Եղբօր խաղարկութիւնը աննկատ չէր անցած ՀՄԸՄի պատասխանատուներուն կողմէ, որոնք հրաւիրած էին զինք ՀՄԸՄի կրտսերներու խումբ, որուն լաւագոյն խաղացողները կը փոխանցուէին ՀՄԸՄի ներկայացուցչական խումբ:
Այդպէս ալ պատահեցաւ: 1965ին, Նէնէճեան փոխանցուած էր ՀՄԸՄի Առաջին խումբ եւ իրեն վստահուած էր խումբի միջնապահ դիրքի ծանր ու դժուարին պատասխանատուութիւնը, զոր պատուով կատարած ու հասած էր յաջողութիւններու: Կարճ ժամանակամիջոցի մէջ, Աբօն բացառիկ խաղարկութեամբ տիրական ներկայութիւն եղած էր ֆութպոլի մարզադաշտերուն վրայ՝ հեղինակը դառնալով բազմաթիւ յաղթանակներու:
Մարզիկի խստապահանջութիւնը, ինքնավստահութիւնը, միշտ յաղթելու զօրաւոր իր կամքը եւ մարզադաշտերուն վրայ տիրապետող իր խաղարկութիւնը, պատճառ հանդիսացած էին, որ ան սէրն ու յարգանքը վայելէ ոչ միայն իր խաղընկերներուն, այլեւ՝ իր պատասխանատուներուն, համակիրներուն եւ նոյնիսկ իր խումբին դէմ մրցող մարզական խումբերուն: Ան բարի, համեստ եւ ընկերասէր անձնաւորութիւն մըն էր եւ չափազանց ուշադիր ու սիրալիր էր իր խումբի մարզիկներուն նկատմամբ:
Ֆութպոլի մարզէն ներս մեծ ապագայ կը սպասուէր բոլորին ծանօթ «Պզտիկ Աբօ»էն, սակայն ափսո՜ս, ֆութպոլի մրցումի մը ընթացքին, ծունկէն ծանրօրէն վիրաւորուելով՝ երիտասարդ տարիքին ան կամքէ անկախ հեռացած էր կանաչ մարզադաշտերէն եւ իր այնքա՛ն սիրած խաղընկերներէն:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով՝ 1980ականներու սկիզբը, Աբօն ընտանիքին հետ փոխադրուած էր Լոս Անճելըս: Հազիւ տեղաւորուած եւ հանգիստ կեանքի մը սկիզբը պիտի դնէր՝ քաղցկեղի անողոք հիւանդութիւնը բոյն դրաւ իր փոքրիկ մարմինին մէջ՝ մեծ ցաւ պատճառելով իրեն, ընտանիքին ու ընկերներուն: Անտեսելով հիւանդութեան լրջութիւնը՝ Աբօ Նէնէճեան երբեք չյուսահատեցաւ եւ միշտ լաւատեսութեամբ նայեցաւ դէպի ապագան: Հակառակ ծանր գործողութիւններու ենթարկուած ըլլալուն՝ վերադարձաւ ՀՄԸՄ եւ 1984ին նախաձեռնեց համախմբումին Լոս Անճելըս հաստատուած ՀՄԸՄի Լիբանանի նախկին ֆութպոլի մարզիկներուն, եւ ՀՄԸՄի այդ օրուան Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ՝ հիմը դրաւ «ՀՄԸՄի Լիբանանի Ֆութպոլի Վեթերաններու Խումբ»ին եւ քանի մը յիշատակելի բարեկամական մրցումներ կազմակերպելով՝ ՀՄԸՄական իարական մթնոլորտ կրցաւ ստեղծել ֆութպոլի «վարպետ»ներուն մօտ:
1993ին, իմանալով ՀՄԸՄի Լիբանանի Առաջին խումբի նիւթական նեղ պայմաններուն մասին՝ անմիջապէս ընկերներուն հետ կազմակերպեց հանգանակային ձեռնարկ մը եւ գոյացած կոկիկ գումարը ուղարկեց Լիբանանի իր մարզիկ ընկերներուն: Աւելին՝ 2001ին, դարձեալ համախմբելով վեթերան ֆութպոլիստները՝ մասնակցեցաւ ՀամաՀՄԸՄական Զ. Մարզախաղերուն, Լիբանանի մէջ, վերապրումի գեղեցիկ ու յիշատակելի պահեր պարգեւելով ֆութպոլի վեթերան մարզիկներուն, որոնք մինչեւ օրս կը յիշատակուին:
Աբօն ՀՄԸՄականի իրա՛ւ տիպար մըն էր, որ բոլոր դժուարութիւնները անտեսելով, անկարելին կարելիի վերածելով, համեստութեամբ եւ առանց ակնկալիքի ծառայեց իր սիրած միութեան՝ անմահացնելով իր յիշատակը:
Ուրախութեամբ կը հաղորդենք, թէ ՀՄԸՄի Լիբանանի ֆութպոլի վեթերաններու խումբը, ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղի մարզական համալիրին մէջ իր հովանաւորած սենեակը պիտի կոչէ Աբօ Նէնէճեանի անունով՝ յաւերժ անմահացնելով իրենց սիրելի ընկերոջ յիշատակը:
Յիշատակդ անթառա՛մ, սիրելի եղբայր: