ԿԱՐՕ ՀԷՔԻՄԵԱՆ
Կիրակի 24 Նոյեմբերը տօնական օր մը հանդիսացաւ բոլոր անոնց համար, որոնք ապրեցան իսկական վայելքը մեր ժողովրդական պարարուեստին: Ուրախութիւն, յուզում, հպարտութիւն եւ արցունքներ ընկերակցեցան մեզի, երբ «Նոթարիատօ» թատրոնի բեմի լոյսերը շողացին եւ հնչեց հայոց զուռնան:
Մեր տղաքն էին, որոնք հայկական քոչարիով թնթացուցին բեմը, իսկ մեր նազանի աղջիկներու պարերը անգամ մը եւս հաստատեցին Մեծն Չարենցի խօսքերը՝ «Ու Նայիրեան աղջիկների հեզաճկուն պարն եմ սիրում»ը:
Բոլորս ալ սիրեցինք մեր տղոց եւ աղջիկներու պարերը, իրենց ինքնավստահութիւնը, քաղցր ժպիտը, խրոխտ եւ առնական, նուրբ եւ բարեհամբիւր կատարումները:
Ինչ ըսել մեր պատանի եւ փոքր պարմաններու մասնակցութեան, անոնց անվախ կեցուածքին, սէրը դէպի հայկական պարը, որուն դիմաց սրահը թնդաց ծափերով եւ կոչերով, յուզումնալի վայրկեաններ ստեղծելով: Հպարտացանք եւ յոյսով լեցուեցանք, քանի որ հոն՝ բեմին վրայ, տեսանք «Շիրազ» պարախումբի ապագան, որ հաստատ քայլերով շարունակողը պիտի ըլլայ մեր պարային մշակոյթին: Այս բողբոջներն են, որոնք պիտի ծաղկեցնեն մեր մշակոյթի այդ ոլորտը:
Պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ պարի ուսուցիչ մայէսթրօ Վահրամ Համբարձումեանը, որ Պուէնոս Այրեսի ԳՈԼՈՆ աշխարհահռչակ թատրոնի պալէի առաջին մենակատարն է նաեւ, միեւնոյն թատրոնի մենապարուհիի մը՝ Ա. Խաչատուրեանի հետ ներկայացուց «Սփարթաքիւս» պալէէն հատուած մը, ուր ի յայտ եկաւ իր արհեստավարժ մենակատարի տաղանդը, որ այդ շքեղ համերգը հասցուց իր գագաթնակէտին:
Անշուշտ այդ համերգի յաջողութեան ետին ամիսներու աշխատանք կար, փոքրիկ բանակ մը, որ օժանդակեց, հոգաց բոլոր անհրաժեշտ եւ պիտանի առարկաները, որպէսզի այդ ժողովրդական ներկայացումը հասնէր սպասուած արդիւնքին եւ յաջողութեան: