ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– 2014-2018 թուականին Ռուսիան Հայաստանին կազ պիտի մատակարարէ 1000 խորանարդ մեթրը 189 տոլարի: Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին այս յայտարարութիւնը կատարեց Երեւանի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։
Անոր համաձայն, մինչեւ Հայաստանի՝ Մաքսային միութեան անդամակցութիւնը, Ռուսիան միակողմանի արտօնութիւններ պիտի տայ Հայաստանին։
Հայաստան Ռուսիայէն կրնայ սպառազինութիւններ ձեռք բերել Ռուսիոյ ներքին սակերով, իսկ նաւթի եւ նաւթամթերքներու համար Ռուսիա չեղեալ պիտի նկատէ օրէնքով նախատեսուած արտածման 30 տոկոսի մաքսատուրքը:
Փութինի համաձայն, այս քայլին իբրեւ հետեւանք Ռուսիոյ պետական պիւտճէն բաւական մեծ գումարէ կը զրկուի, սակայն իրենք պատրաստ են նման արտօնութիւններ սահմանելու:
Նշենք, որ Ռուսիոյ նախագահին Հայաստան այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի ուժանիւթի նախարարութիւնն ու ռուսական «Գազպրոմ» ընկերութիւնը ստորագրեցին շարք մը փաստաթուղթեր, որոնցմով պիտի ճշդուին Հայաստանին ռուսական կազի մատակարարման քանակն ու սակը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.