
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 26 Նոյեմբերին Լոս Անճելըսի մէջ հանդիպում ունեցած է խումբ մը սփիւռքահայերուն հետ՝ Վարդգէս եւ Մերի Նաճարեաններու գլխաւորութեամբ:
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի մամլոյ գրասենեակէն յայտնած են, որ նախագահ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է բարերարներուն՝ Արցախին մնայուն կերպով սատարելնուն համար՝ նշելով, որ անոնք իրենց անձնական օրինակով նպաստած են բարերարութեան մշակոյթի ձեւաւորման՝ հայրենիք-սփիւռք փոխգործակցութեան պարունակին մէջ:
Հանդիպման մասնակցած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը, պաշտօնատար այլ անձեր: