ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ռակըպ Զարաքոլուի «Պելկէ» հրատարակչատունը, որ իրերայաջորդ կերպով հրապարակ կը հանէ Հայկական Հարցը շահագրգռող կարեւոր գործերու թրքերէն թարգմանութիւններ, հրատարակած է յայտնի ֆրանսացի պատմաբան եւ հայկական հարցերու մասնագէտ Իվ Թերնոնի մէկ գիրքի թրքերէն թարգմանութիւնը, որ կոչուած է՝ «Մարտին 1915. Քանդումի Մը Ախտաբանական Քննարկումը»։
Այս գիրքը, որ օրին առաջին անգամ ըլլալով յստակ կերպով կը պատմէր, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին հայ համայնքը ինչպէ՞ս բնաջնջուած էր, այս նիւթին առընթեր լայնօրէն կը խօսի նաեւ Մարտին նահանգի ու Տիգրանակերտի պատմութեան եւ այդտեղ ապրուած անհատական ողբերգութիւններուն մասին։ Գիրքին մէջ դիտել կը տրուի, թէ Մարտին, որ տեղ կը գրաւէր Քիւրտիստանի հարթակի եւ Միջագետքի դաշտի միացման կէտին վրայ, այն վայրն է, ուր զանազան քրիստոնեայ համայնքներ միասնաբար ապրած են։ Գիրքին մէջ կը խօսուի ասորիներու դէմ գործադրուած բնաջնջումի քաղաքականութեան մասին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.