ԵՐԵՒԱՆ.– «Մանկական Եւրատեսիլ 2013» երգի մրցումին Հայաստանը պիտի կրէ թիւ երեքը: Երկուն Ատրպէյճանն է, 9՝ Վրաստանը, իսկ 12ը՝ Ռուսիան։
Սան Մարինօն մրցումին պիտի մասնակցի առաջին անգամ ըլլալով, Ալպանիան, Պելճիքան եւ Իսրայէլը յայտարարած են, որ պիտի չմասնակցին, իսկ Մակեդոնիան եւ Մալթան որոշած են վերադառնալ մրցումին:
Այս տարի մրցումի կանոնակարգին մէջ որոշ փոփոխութիւն կատարուած է։ Վիճակաձգութեան մասնակցած են մրցումի մասնակիցները, ոչ թէ պատուիրակութիւններու ղեկավարները, ինչպէս էր նախապէս: «Մանկական Եւրատեսիլ 2013» երգի մրցումը պիտի ըլլայ 11րդը «Մանկական Եւրատեսիլ»ի պատմութեան մէջ: Անիկա տեղի պիտի ունենայ Ուքրանիոյ Արուեստներու ազգային պալատին մէջ, 30 Նոյեմբերին՝ «Պի Քրիէյթիւ» նշանաբանով:
Հայաստան 7րդ անգամ ըլլալով կը մասնակցի այս մրցումին, որուն այս տարի պիտի մասնակցին 12 երկիրներ։ Այս գծով աշխատանքները եւ կարգ մը նկարահանումներ սկսած են արդէն։ Յիշեցնենք, որ այս տարի Հայաստանը պիտի ներկայացնէ Մոնիկա Աւանեսեանը՝ «Շոկօ Ֆաբրիկա» երգով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.