ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Թուրք իրաւաբան Ալի Էլպէյօղլու մտադիր է գիրք հրատարակել «Հայերու լքուած սեփականութեան վերաբերեալ թրքական օրէնք»ին (Emval-i Metruke) մասին: Էլպէյօղլու հնարաւորութիւն ունեցած է լաւապէս ուսումնասիրելու վերոնշեալ օրէնքին վերաբերեալ թրքական կառավարութեան արխիւներուն մէջ գտնուող փաստաթուղթերը:
Թրքական «Hurriyet Daily News»ին մէջ յօդուածագիր Վերճիհան Զիֆլիյեան կը գրէ, թէ Էլպէյօղլու աւելցուցած է, որ հայերը իրենց պատկանող անշարժ գոյքը վերադարձնելու համար Թուրքիոյ դէմ դատական հայց պէտք է ներկայացնեն ոչ թէ այլ երկիրներու, այլ թրքական դատարաններու մէջ: Օրինակ բերելով ամերիկահայերուն կողմէ Ատանայի Ինճիրլիք ռազմակայանի տարածքի սեփականութեան վերադարձման պահանջը, որ ներկայացուած էր ամերիկեան դատարանին, Էլպէյօղլու նշած է, թէ անոնք պիտի յաջողէին, եթէ այս դատավարութիւնը կատարուէր Թուրքիոյ մէջ:
Ըստ անոր՝ Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակը լաւ առիթ է, որ Թուրքիոյ դէմ նմանատիպ հայցեր ներկայացուին, եւ Թուրքիա պէտք է հաշուի նստի այս բոլորին հետ, եթէ կ՛ուզէ ժողովրդավար երկիր ըլլալ:
Ան շեշտած է, թէ այս հարցը կը վերաբերի ոչ միայն հայերուն, այլ նաեւ յոյներուն, ասորիներուն եւ իսլամ թուրքերուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.